image

Մահացած է ֆրանսահայ լուսանկարիչ՝ Ռօժէ Գասպարեանը

Մահացած է ֆրանսահայ լուսանկարիչ՝ Ռօժէ Գասպարեանը

Օրերս  Ախալքալաքի մէջ  (ուր ան կը գտնուէր  լուսանկարելու  առաքելութեամբ) իր մահկանացուն կնքած է  Ֆրանսահայ   տաղանդաւոր լուսանկարիչ՝  Ռոժէ Գասպարեան։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ  համացանցէն։

Կը նշուի, որ Գասպարեան իր ոսպնեակով յաւերժացուցած է մեծանուն շատ արուեստագէտներ ու գործիչներ՝ Շարլ Ազնաւուր, Էտիթ Փիաֆ, «The Beatles», Պրել, Կենսպուրկ, Հոլիտէյ, «The Rolling Stones» եւ այլք: Յատկապէս առանձնայատուկ էին անոր յարաբերութիւնները Շարլ Ազնաւուրին հետ. լուսանկարիչը վաւերագրած է անոր կեանքը՝ «Ալհամպրա» համերգասրահին մէջ առաջին յաղթական ելոյթէն մինչեւ անոր փառաւոր ասպարէզի հարիւրաւոր այլ դրուագներ:

Գասպարեան իր ունեցած տաղանդին եւ ձեռք ձգած հմտութիւններուն համար կոչուած է ՝ «60-ականներու աչքը»։