Հայկական մանկական գրականութեան հերոսուհիներուն միացաւ նոր անուն մը՝ Գանգուր Լորին: Սիրունիկ աղջնակ մըն է ան՝ «Գանգուր Լորին» մատենաշարի գլխաւոր կերպարը: Լորին նորայայտ երիտասարդ գրող Քրիստինա Շիրանեան Տատուրեանի ստեղծագործութիւնն է:
Հետաքրքրասէր, ուշիմ, կատակասէր, մարդամօտ եւ զուարճախօս աղջնակ մըն է Լորին, որ ունի շագանակագոյն գանգուր մազեր:
Մատենաշարին առաջին՝ «Գանգուր Լորին․ Լորին եւ Ոսկեգոյն Բանալին» հատորին մէջ, Լորին իր խճճուած մազերու մէջ կը գտնէ ոսկեգոյն բանալի մը: Ուրկէ՞ եկած էր այդ բանալին: Ան ինչպէ՞ս յայտնուած էր իր մազերու մէջ… Ան ի՞նչ կը բանար: Իսկական առեղծուած մը… Այս հարցումներուն գոհացում տալու համար փոքրիկ Լորին ոստիկանական ճշգրտութեամբ պրպտումներ կը կատարէ: Պատմութեան աւարտին կը յայտնուի ընտանեկան հին, քաղցր հեքիաթ մը: Յաջորդ պատմութեան մէջ Լորին պիտի արթննայ եւ իր մազերու մէջ պիտի գտնէ մէկ այլ առարկայ: Այդ պատմութեան աւարտին ալ պիտի յայտնուի ընտանեկան եւ հայրենասիրական ջերմ պատմութիւն մը:

Գիրքը ուշագրաւ է իր նկարազարդումներով: Տաղանդաւոր նկարիչ Ճեսի Քյուպըց հմտօրէն պատկերացուցած եւ նկարած է հայու դիմագիծը եւ հայկական տոհմիկ միջավայրը: Գիրքը ունի փոքրիկ հայ ընթերցողներու համար յատուկ պատրաստուած լուսաւոր գծագրութիւններ, որոնց ենթաշերտի մէջ ներկայ են հայկական մշակոյթի բոլոր առարկաները: Իւրաքանչիւր էջի մէջ տեղ գտած են հայկական տան մը բոլոր տոհմիկ առարկաները, ինչպէս գորգը, երաժշտական գործիքները, պատերու վրայ հայրենի տեսարանները, եւ այլն:
Հատորը հայկական մանկական գիրքերու աշխարհի մէջ գեղեցիկ նորութիւն մըն է: Ընթերցասիրութիւնը տարածելու համար, անոր երիտասարդ հեղինակը ծրագրած է քաղաքիս հայկական վարժարանները այցելել եւ գիրքի օրեր կազմակերպել: Կասկած չկայ, թէ այս հրատարակութեան շնորհիւ իւրաքանչիւր հայկական տան գրադարան պիտի հարստանայ գեղեցիկ մայրենիով գրի առնուած նոր մէկ գիրքով:
Գիրքը ապսպրելու համար այցելել՝ abcgabig.com/lori կայքէջը: Վարժարանի մը մէջ գիրքի օր կազմակերպելու կամ յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար գրել՝ info@abcgabig.com հասցէին:

ՀԵՂԻՆԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ
Քրիստինա Շիրանեան Տատուրեան ծնած եւ մեծցած է քաղաքիս մէջ: Ան շրջանաւարտ է Սահակ-Մեսրոպ եւ ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարաններու: Քրիստինա որոշած է հայոց լեզուի եւ համաշխարհային պատմութեան ուսուցչուհի դառնալ, գիրքեր հեղինակել եւ The Genocide Education Project-ի հետ ամէն ամառ ամերիկացի ուսուցիչներուն հայոց պատմութիւն ուսուցանել, որպէս վերապատրաստման դասընթացք: Քրիստինայի նորագոյն աշխատանքն է հայերէն սորվելու «ԱԲԳ Կապիկ» կայքէջը, զոր պատրաստած է իր ամուսինին՝ Նարեկ Տատուրեանի հետ: 3-12 տարեկաններու համար նախատեսուած «ԱԲԳ Կապիկ» կայքէջը ճոխ է խաղերով եւ երգերով, ուր ամէն այցելու մանուկ թէ՛ լեզու կը սորվի եւ թէ՝ կը ծանօթանայ Հայաստանի աշխարհագրութեան, մշակոյթին եւ պատմութեան:
(Հաղորդագրութիւնը՝ հրատարակիչներէն)