Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն յայտարարած է, որ կարելի չէ բացառել հանրապետութեան դէմ յարձակման ծաւալումը։
«Մենք չենք կրնար բացառել, որ մեր երկրի դէմ կրնայ յարձակում ծաւալիլ։ Ամէն պարագայի նման պատրաստակամութիւն մեր հարեւաններու կողմէ մենք կը տեսնենք։ Գիտենք, թէ ով թիկունքէն կը մղէ այդ նոյն հարեւանները՝ լարուածութիւն ստեղծելու մեր սահմաններու մօտ»,-ըսած է ան։
Լուքաշենքօն յիշեցուցած է, որ այդ կապակցութեամբ աւելի վաղ որոշում կայացուցած է՝ անյապաղ արձագանգման ուժերու ստուգում կատարելու։
«Մենք բանակին մէջ ունինք այսպէս կոչուած ակնթարթային արձագանգման ուժեր։ Եթէ յանկարծ ինչ-որ անսպասելի բան տեղի ունենայ, ապա մեր ուժերը որոշակի ժամանակի մէջ կ'ուղարկուին այնտեղ, ուր լարուածութիւն կայ: Իմ կողմէ որոշում կայացուած է տուգել այդ ակնթարթային արձագանգման ուժերը»,-ըսած է Լուքաշենքօն։