image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի վարչապետը Ռիատի մէջ. Ի՞նչ զարգացումներու սպասել

      Լիբանանի վարչապետը Ռիատի մէջ. Ի՞նչ  զարգացումներու սպասել

 Այս բոլորէն, առկայ բարդութիւններէն ու սպասելիքներէն անդին ուշագրաւ եղաւ այն, որ Միքաթիի այս այցը նախ եւ առաջ նոր պատուհան մըն էր վերջինիս, որ երկար ժամանակէ ի վեր հեռու «կը պահուէր» սէուտցիներէն ու յատկապէս գահաժառանգ Մոհամմատ Պըն Սըլմանէն ու այս առումով ալ այս բացուած պատուհանը ունի բազմապիսի դիտանկիւններ հասնելով մինչեւ Դամասկոս- Ռիատ կապի մը մշակումն ու առաջացումը։

 Ի վերջոյ դէպի Ռիատ բացուած այս պատուհանը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ այդ երկրին կարեւորագոյն դերն ու շրջանային դերը գալիք ժամանակներուն համար։

 Անկասկած, որ Լիբանանի վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Սէուտական Արաբիա տուած այցելութիւնը կը համարուի կարեւոր այցելութիւնը։Նախ անոր համար, որ երկար ժամանակէ ի վեր Լիբանանցի բարձրաստիճան ղեկավար մը չէր այցելած Ռիատ, յետոյ նաեւ այն պատճառով որ Միքաթի ընդունուած է բարձրագոյն մակարդակի վրայ եւ կէս ժամ տեւող խօսակցութիւն ունեցած Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ ՝ Մոհամմատ Պըն Սալման իշխանին հետ։ 

  Տարբեր առումներով բաւականին տագնապալի իրադրութեան մէջ գտնուող Լիբանանի համար այս այցելութիւնը կրնայ անշուշտ նոր դուռ մը բանալ եւ յոյսեր ներշնչել։ Այս առումով սակայն կան բազմակի հարցազդրումներ, որոնք կապ ունին Լիբանանի ներ-քաղաքական դրութեան եւ անշուշտ սէուտցիներուն հանդէպ լիբանանեան կարգ մը կողմերու «թոյլ տուած» սխալներուն հետ։

 Ու հոս է հիմնական հարցումը, արդեօ՞ք Միքաթի իր ձեռքին ունի գաղտնաբառ մը, որուն հիմամբ ալ ան իր հետ տարած է որոշակի վստահեցումներ՝ սէուտական կողմին։

 Շատ հեռու չերթալով աւելի քան յստակ սկսած է դառնալ, որ Սէուտցիք մեծ փափաք ունին «վերադառնալ»ու լիբանանեան դաշտ ու մշակելու նոր մակարդակի քաղաքականութիւններ։

 Ժամանակի առումով յստակ է անշուշտ, որ Լիբանան եւ լիբանանցիք կը պայքարին երկիրը հեռու պահելու համընդհանուր փլուզումէ մը, որ ամէն պահու ուրուականի մը պէս կը հալածէ զիրենք ու այդ առումով ալ Ռիատի նման կարեւոր խաղացողի մը կողմէ ցանկացած յոյսի նշոյլ նոր փուլ մը պիտի դառնայ վիրաւոր երկրին համար։ 

 «Ա»