Իսրայէլեան ուժերը հարուածած են Լիբանանի հարաւը եւ արեւելքը գտնուող «Հըզպալլա»ի կառոյցները՝ յայտնած են լիբանանեան լրատուամիջոցները:
Նշուած է, որ թիրախ եղած են շարժման կրակային դիրքերը եւ պահեստները, այդ շարքին՝ Սուրիոյ հետ սահմանի մօտակայքին մէջ։ Օդային հարուածի հետեւանքներու մասին տեղեկութիւններ չկան։
Իսրայէլի եւ «Հըզպալլա»ի միջեւ հրադադար յայտարարուած է անցած տարուան նոյեմբերին: Սակայն կողմերը պարբերաբար փոխադարձ մեղադրանքներ հնչեցուցած են հրադադարի ռեժիմը խախտելու համար: