image

Լիբանանի մէջ. Դոկտ. Մարալ Կիտանեանի պատուաբեր գործունէութեան աւարտը

Լիբանանի մէջ.  Դոկտ. Մարալ Կիտանեանի  պատուաբեր   գործունէութեան  աւարտը

«Ազդակ»էն կը կարդանք,  որ Լիբանանի Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն՝ Դոկտ. Մարալ Կիտանեան հրապարակեց հրաժեշտի խօսք մը` վիճակագրութեան ասպարէզին մէջ իր ծառայութեան աւարտին առիթով:

Դոկտ. Կիտանեան հրաժեշտի իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ պաշտօնական վիճակագրութեան կարեւորութիւնը ամրագրելու ի խնդիր` 22 տարուան հաստատութենական իր ժրաջան աշխատանքը հասած է իր աւարտին:

Ան շեշտեց վիճակագրութեան պաշտօնական արդիւնքներուն հիման վրայ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ բարգաւաճման կարեւոր որոշումներ տալու կարեւորութիւնը:

Դոկտ. Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք գործակցեցան Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան հետ եւ իրենց ներդրումը ունեցան` երկրին շահերը նկատելով գերադաս:

Իր հրաժեշտի խօսքին մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր վարչապետներուն, յատկապէս` վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նեժիպ Միքաթիին եւ կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր՝ Մահմուտ Մաքքիէին, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին` Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան աշխատանքներուն զօրակցելու եւ անոր աշխատանքները դիւրացնելու իմաստով:

Դոկտ. Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ իր բոլոր գործընկերներուն` մաղթելով, որ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը իր աշխատանքով եւ հայրենիքին նկատմամբ նուիրուած ծառայութեամբ կը մնայ իւրայատուկ հաստատութիւն: