Նոէլ Փամպուքեան կը փափաքի իր ծննդավայր Լիբանանի մէջ նաեւ հիմնել մասնաճիւղեր, սակայն, երկրին ներկայ պայմաններն ու անկայուն վիճակը արգելք կը հանդիսանան այս քայլը առնելու։Հպարտ իր անցեալով, եւ իր ծննդավայր Լիբանանին հանդէպ ունեցած սէրով Նոէլ չէ մոռցած իր հայկական արմատները, եւ անոր համար ինչպէս Լիբանանը, նոյնպէս ալ Հայաստանը կը շարունակեն մնալ ուշադրութեան կիզակէտ եւ առանցք։
«ՓԻՔ» արագ եւ առողջ սնունդի ընկերութիւնը հիմնուած է 2010 թուականին Քուէյթի մէջ։ Ան առաջին մասնաճիւղը բացած է Քայֆան քաղաքին մէջ։ Ընկերութիւնը ներկայիս, ան ունի երեսուներեք մասնաճիւղ։ 2022-ին «ՓԻՔ»-ը մասնաճիւղ մը ունեցաւ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ։ Ընկերութեան համահիմնադիրն է լիբանանահայ Նոէլ Փամպուքեան, որ իր քուէյթցի համասեփականատէր Ժասէմ Ալտուայժին հետ կարողացած է նորարարութիւն մտցնել արագ սնունդի փնտռուած ոլորտին մէջ։ «ՓԻՔ» ընկերութեան ուտելիքի նշանաբանն է.«Ան ոչ միայն ապրելակերպ է, այլեւ՝ կեանք»։ Հիմնադիրներուն նպատակն է հրամցնել առողջ սննդականոն եւ ցոյց տալ, թէ արագ սպասարկութեամբ (fast food) եւ մատչելի գին ունեցող ուտելիքն ալ կրնայ առողջ սնունդ ըլլալ։ «ՓԻՔ»-ը ունի հարուստ եւ բազմազան ճաշացուցակ մը, թարմ եւ բարձրորակ բաղադրութեամբ։ Ընկերութիւնը կ՚արտադրէ նաեւ բնական մածունով պատրաստուած պաղպաղակ՝ զանազան համերով։
2022-ին, մասնակցելով արագ սնունդի գնահատման՝ Service Hero «Սըրվիս Հիրո» միջազգային մրցոյթին, «ՓԻՔ» ընկերութիւնը գրաւեց առաջին տեղը։
Նոէլ Փամպուքեան տասնօթը տարիներէ ի վեր կ՚ապրի Քուէյթի մէջ։ Ան սպասարկման ոլորտի մէջ ունի իւրայատուկ եւ մեծ փորձառութիւն, նախքան Քուէյթ մեկնիլը։ Ան այս ոլորտին առընթեր իր առաջին քայլերը նետած է աշխատելով Պէյրութի հանրահռչակ «Ինթըրքոնթինէնթըլ Ֆինիսիա» հիւրանոցէն ներս։
Անշուշտ մեր հայրենակիցին համար այնքան կարեւոր եղած են Զահլէ քաղաքին մէջ իր առած քայլերը, երբ հիմնած էր փոքրիկ ճաշարան մը։ 2006-ի Յուլիսեան պատերազմին շատ շատերու նման Նոէլ ստիպուած եղաւ փակել ճաշարանն ու տեղափոխուիլ՝ Քուէյթ։ Նախքան Քուէյթի մէջ առանձին գործ հիմները, Նոէլ երկու տարի աշխատած է լիբանանեան «Փաթչի» ընկերութեան Քուէյթի մասնաճիւղին մէջ, ինչպէս նաեւ չորս տարի՝ «Քրաուն Փլազա» հիւրանոցին մէջ։
Բացի «ՓԻՔ» ընկերութենէն, Նոէլ Փամպուքեան հիմնած նաեւ հինգ այլ ընկերութիւններ՝ սննդամթերքի արտադրութեան, ճաշարաններու սարքաւորման, ճաշարաններու յարդարման, սննդանիւթերու հայթայթման եւ սպասարկման, ինչպէս նաեւ «լոճիսթիքս»ի յատուկ ընկերութիւն մը։ Ընկերութիւնը ունի աւելի քան 350 սպասարկման ինքնաշարժներ։
Նոէլ Փամպուքեան կը փափաքի իր ծննդավայր Լիբանանի մէջ նաեւ հիմնել մասնաճիւղեր, սակայն, երկրին ներկայ պայմաններն ու անկայուն վիճակը արգելք կը հանդիսանան այս քայլը առնելու։
Հպարտ իր անցեալով, եւ իր ծննդավայր Լիբանանին հանդէպ ունեցած սէրով Նոէլ չէ մոռցած իր հայկական արմատները, եւ անոր համար ինչպէս Լիբանանը, նոյնպէս ալ Հայաստանը կը շարունակեն մնալ ուշադրութեան կիզակէտ եւ առանցք։
Լուրը՝ «Արեւելք»ի