image

Լիբանան կը մարտնչի «Քոլերա»ի դէմ

Լիբանան կը  մարտնչի  «Քոլերա»ի դէմ

 Լիբանանցի քաղաքական գործիչներ, որոնց համար հիմնական «տարտ»ը նոր նախագահի մը ընտրութիւնն է կը շարունակեն անտեսել մարդկային տարրական պայմաններէ զրկուած գաղթակայններու հարցը։ 

 

Վերջին ամիսներուն Լիբանանի մէջ նոր առաջնահերթութիւն մը առաջացաւ, որուն համար երկրի քաղաքական-առողջապահական մարմինները մատնուեցան յաւելեալ ճնշող իրավիճակներու։

 Խնդիրն այն է, որ երկրի մասնաւորապէս հիւսիսային գաւառակներուն մէջ տարածուիլ սկսաւ «Քոլերա» փոխանցիկ հիւանդութիւնը, որ կերպով մըն ալ վախի մթնոլորտ տարածեց քաղաքացիներուն մօտ։

 

 

 Մինչ լրատուական ցանցեր այս հիւանդութեան արագ տարածումը վերագրեց Սուրիայէն Լիբանան հասնող փախստականներուն, անդին եղան կողմեր, որոնք մատը վէրքին վրայ դնելով յայտարարեցին, որ հիւանդութիւնը այսքան արագ տարածում պիտի չունենար եթէ Լիբանանի ջրային-առողջապահական ցանցերը ունենային տանելու վիճակ մը։

Այստեղ չմոռնանք, որ Աքքարի եւ Պաալպէքի ծայրամասերուն գտնուող սուրիացի փախստականներու «վրանաւան»ները կը շարունակեն համարուիլ ամէնէն աւելի խոցելի վայրեր։

Այնտեղ կը բացակային բնականոն կեանքի հիմնական պէտքերը՝ջուր, մաքրութեան պայմաններ, բնականոն սնունդ եւ բանող կոյուղիի ցանցեր եւ այդ պատճառով ալ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ բարդ եւ ծանր։

Վախը անշուշտ քաղաքացիներուն մօտ ամէն օր կը շարունակէ աճիլ, այն առումով որ, որ եթէ հիւանդութեան (այս պարագային «Քոլերա»ի) օճախները չմարին հիւանդութիւնը շատ արագ կրնայ «սողալ» դէպի մայրաքաղաք Պէյրութ, որ «խիստ» բնակեցուած եւ խճողուած քաղաք կը համարուի։

 Չմոռնանք նաեւ, որ Պէյրութի մէջ կան ոչ միայն սուրիացի փախստականներու «գաղթակայաններ»ը այլ տարիներէ ի վեր իրենց «աղմուկ»ով բոլորին սպառնացող պաղեստինցիներու կեդրոնները։ 

 

1948-էն ետք «հիմնուած» այս կայանները ցաւալիօրէն դարձան սպառնալիք ու տարբեր փուլերու ալ օգտագործուեցան որպէս «զէնք» Լիբանանի մէջ հակամարտող բոլոր կողմերէն՝ անխտիր։ 

 

 Չերկարելու համար եւ պատկերը ճիշդ ընկալելու նպատակով հարկ է ուրեմն «մարել» եւ ի չիք դարձնել «Քոլերա» հիւանդութեան հիմնական աղբիւրները, որոնք շատ արագ կրնան լուրջ սպառնալիք մը դառնալ ամբողջ երկրի տարածքին։

Ի դէպ մինչ այս տողերը կը գրէին լիբանանեան կայանը կը հաղորդէր, որ Լիբանանի հրաժարեալ կառավարութեան առողջապահութեան նախարար՝ Ֆիրաս Ալ Ապիատ յայտարարութիւն մը կատարելով նշած էր, որ “Քոլերա»ի դէմ պայքարի նոր փուլ մը բացուած է, որուն հիմնական առանցքը պիտի ըլլայ մեծածաւալ պատուաստումներու ձեռնարկելու քաղաքականութիւնը, իսկ մինչ այդ Լիբանանցի քաղաքական գործիչներ, որոնց համար հիմնական «տարտ»ը նոր նախագահի մը ընտրութիւնն է կը շարունակեն անտեսել մարդկային տարրական պայմաններէ զրկուած գաղթակայններու հարցը։ 

 Տխուր է, բայց փաստ...։

 

 «Արեւելք»