image

Լաւրով եւ Ապտըլ Լահեան պիտի քննարկեն Հարաւային Կովկասի իրավիճակը

Լաւրով եւ Ապտըլ Լահեան պիտի քննարկեն Հարաւային Կովկասի իրավիճակը

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով պիտի հանդիպի Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեանի հետ, որ 31 օգոստոսին աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Մոսկուա։

«Օգոստոս 31-ին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեանն աշխատանքային այցով պիտի գտնուի Մոսկուա, որու ընթացքին բանակցութիւններ պիտի վարէ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ», -ըսուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ։

Կը սպասուի, որ նախարարները բանակցութիւններու ընթացքին պիտի քննարկեն ուժանիւթի եւ փոխադրային ոլորտներուն մէջ առանցքային համատեղ նախագծերու իրականացումը։

Կողմերը պիտի քննարկեն նաեւ Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, Ուքրանիոյ, Սուրիոյ, Աֆղանստանի եւ Անդրկովկասի մէջ իրադրութիւնը։

«Կ'ակնկալուի, որ պիտի շարունակուի կարծիքներու շահագրգիռ փոխանակումը շարք մը արդի միջազգային հարցերու՝ Իրանի միջուկային ծրագրի վերաբերեալ Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի, Ուքրանիոյ, Սուրիոյ, Աֆղանստանի, Անդրկովկասի եւ Կասպից ծովու շուրջ իրավիճակի վերաբերեալ»,- յայտնած են նախարարութենէն։