Բերձորի միջանցքին մէջ կառուցուած ու կառուցուող ճանապարհներուն անդրադարձած է Արցախի հանրային հեռուստաընկերութիւնը։
Ճանապարհի նորակառոյց հատուածը սկիզբ կ'առնէ Ստեփանակերտ–Բերձոր մայրուղիի 36–րդ քմ–էն՝ Մեծ Շէն տանող խաչմերուկէն։ 2021–ի յունիսէն այս ճանապարհի շինարարութիւնը սկսած է ատրպէյճանական կողմը, մէկ տարի անց յայտնած է աւարտի մասին։
Աւելի քան 11 քմ լայնութեամբ եւ 21 քիլոմեթր երկարութեամբ նորակառոյց ճանապարհը կ'անցնի Մեծ Շէնով, կը շարունաուի դէպի Շին Շէն, այնուհետեւ կ'երկարի մինչեւ Աղաւնօ գետի վրայ կառուցուած կամուրջը։
Լաչինի միջանցքի նոր երթուղին պիտի հասնի Սիւնիքի մարզի Կոռնիձոր համայնք, այնտեղէն ալ պիտի շարունակուի դէպի Տեղ ու պիտի միանայ Գորիս տանող մայրուղիին։