image

Կովկասեան կտրուածքով Հայաստանի համացանցը ամենաթանկն է

Կովկասեան կտրուածքով Հայաստանի համացանցը ամենաթանկն է

Հայաստանի համացանցը Հարաւային Կովկասի երկիրներուն մէջ ամենաթանկն է: Ըստ Numbeo առցանց տուեալներու կեդրոնին՝ Հայաստանի մէջ 60 Մպայթ/վրկ արագութեամբ ամսական համացանցի փաթեթի արժէքը գրեթէ 22 տոլար է։

Ատրպէյճանի մէջ նոյն փաթեթի արժէքը 14 տոլար է, իսկ Վրաստան՝ գրեթէ 18 տոլար։ Ռուսիոյ մէջ 60 Մպայթ/վրկ եւ աւելի արագութեամբ համացանցի ամսական փաթեթի արժէքը կը կազմէ 6,5 տոլար, իսկ Թուրքիոյ մէջ՝ 11,7 տոլար։