Կիւմրիի նորընտիր աւագանին այսօր՝ Նոյեմբեր 1-ին գումարած է իր առաջին նիստը, որու ժամանակ պէտք է ընտրուի նոր համայնքապետը:
Նշենք, որ «Բալասանեան» դաշինքը եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը համագործակցութեան մասին յուշագիր ստորագրած էին, որու համաձայն՝ Կիւմրիի քաղաքապետի պաշտօնին կ'առաջադրուի «Բալասանեան» դաշինքի թեկնածու Վարդգէս Սամսոնեանը, իսկ երկու փոխքաղաքապետները կ'ըլլան «Քաղաքացական պայմանագիր» կուսակցութենէն:
Յուշագիրով կողմերը կը պարտաւորուին իրականացնել համատեղ քաղաքականութիւն՝ ստանձնելով համատեղ պատասխանատուութիւն քաղաքի կառավարման համար: