image
Հրատապ լուրեր:

Կիլիկեան Աթոռի երիտասարդ միաբանը հիւր՝ Բարթողոմէոս Բ. Պատրիարքին

 Կիլիկեան Աթոռի երիտասարդ միաբանը հիւր՝ Բարթողոմէոս  Բ. Պատրիարքին

 Յունահայոց Թեմի փոխառաջնորդ եւ Թրակիոյ շրջանի հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Յովհաննէս ծ.վրդ. Սաղտըճեան օրերս հիւրը դարձած է Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ ազդեցիկ առաջնորդներէն, Պոլսոյ Տիեզերական Ամեն. Տ. Բարթողոմէոս Բ. Պատրիարքին։

 «Արեւելք»ի տեղեկութիւններով եւ շնորհիւ տքնաջան աշխատանքի արդիւնքով ստեղած կապերուն Գերպ. Սաղտըճեան ծ. վրդ. կը շարունակէ իր երթը, արժանի դառնալով, ոչ միայն ներ-հայկական գաղութային համակրանքի, այլ նաեւ ըլլալով վստահելի գործակից Թրակիոյ, քրիստոնէական քոյր համայնքներուն ու նաեւ տեղի իսլամական շրջանակներուն։ 

Ի դէպ դէպի Իսթանպուլ կատարուած այցելութեան մեկնակէտը եղաւ Յունաց Տիեզերական Պատրիարք հօր շուրջ ամիս մը առաջ դէպի Թրակիա տուած այցը, ուր Պատրիարք հօր ուշադրութիւնը գրաւած է հայ երիտասարդ միաբանին առաքինի ներկայութիւնը եւ առ այդ ալ Պատրիարքը փութացած է հրաւէր մը կազմակերպել եւ Պոլսոյ իր յարկին տակ։

 Առիթէն օգտուելով եւ ինչպէս Պոլսոյ մեր պաշտօնակից ՝ «Ժամանակ»ը կը հաղորդէ  Հայր Սուրբը այցելութիւն տուած է Պոլսոյ Հայոց Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքին ու ընդունուած վերջինիս կողմէ։

Ի դէպ այս մասին ալ կարճ լրատւութիւն մը կատարած է «Ժամանակ»ը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ. 

 Հայր Սուրբին կը յղենք մեր ջերմագին ողջոյնները ապաւէնը ունենալով, որ ան լաւագոյնս պիտի շարունակէ Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի Երանաւէտ հայրերու քրիստոսաւանդ առաքելութիւնը։

 

 «Ժամանակ» կը գրէ՝ 

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըչեանը։ Այս վերջինը Կիլիկեան Աթոռի Յունաստանի թեմի առաջնորդական փոխանորդն է եւ, միեւնոյն ժամանակ, Արեւմտեան Թրակիոյ հոգեւոր հովիւը։ Հայր սուրբին ընկերացաւ Քոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի փոխ-ատենապետ Թադէոս Գասպարեան։ Անոնք քաղաքս կը գտնուէին այցելելու համար Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։ Առիթէն օգտուելով հայր սուրբն ու փոխ-ատենապետը քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։

Զրոյցի տեւողութեան հիւրերը տեղեկութիւններ տուին Քոմոթինիի հայկական ազգային-եկեղեցական կեանքին շուրջ։ Անոնք Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին՝ իրենց ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար։ Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ողջունեց յունահայ հիւրերուն ներկայութիւնը Գումգաբուի մէջ։ Անոնք յիշատակ մըն ալ նուիրեցին Նորին Ամենապատուութեան։