Պահրէյնի պաշտօնական լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, որ Պահրէյնի թագաւորի ներկայացուցիչ Ապտալլա պըն Համատ Ալ Խալիֆան բացումը կատարած է նոր կաթոլիկ տաճարին, երկրի կեդրոնը՝ Աւալի քաղաքին մէջ։
Ան նշեց, որ եկեղեցին կը բաղկանայ 9000 քառակուսի մեթր տարածքէ եւ կրնայ ընդունիլ 2300 մարդ, ինչպէս նաեւ գրասենեակներէ, եպիսկոպոսի համար նախատեսուած նստավայրէ եւ 6000 այցելուներու եւ հաւատացեալներու համար նախատեսուած բակէ։
Գործակալութիւնը նշած է, որ «լաւագոյն ճարտարապետական նմուշները եւ ամենաբարձր յառաջադէմ առանձնայատկութիւնները օգտագործուած են կաթոլիկ տաճարի կառուցման համար՝ դառնալով Պահրէյնի կարեւոր կրօնական տեսարժան վայր՝ մարմնաւորելով տարբեր կրօններու եւ աղանդներու համակեցութիւնը»: