Թուրքիոյ Կարս քաղաքի Ուչլեր թաղամասին մէջ հայկական պատմական գերեզմանները կը շարունակեն աւերուիլ եւ ոչնչանալ: Քաղաքի բնակիչները կը պահանջեն հնարաւորինս շուտ պահպանման տակ վերցնել զանոնք:
Բնակիչներու շրջանակին մէջ որպէս հայկական գերեզմանոց յայտնի այդ վայրին մէջ խաչի պատկերներով բազմաթիւ գերեզմանաքարեր կան: Այստեղ կը գտնուի նաեւ հայկական եկեղեցին, որ եւս փլելու վտանգի տակ կը գտնուի:
Թէ՛ եկեղեցին եւ թէ՛ գերեզմանները դարձած են գանձ որոնողներու թիրախ, որոնք մեծ փոսեր փորած են այնտեղ: