image

«Կարմիր կատար» լերան պատւաւոր տեղ

«Կարմիր կատար» լերան պատւաւոր տեղ

Շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը կառավարութեան համապատասխան որոշման նախագիծ ներկայացուցած էր, որով կ'առաջարկուէր Գեղամայ լեռնաշղթայի Կարմիր Կատար (Թառ) լեռը ներառել բնութեան յուշարձաններու ցանկին մէջ։

Կառավարութեան նիստին հաւանութեան արժանացած է «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 2008 թուականի Օգոստոսի 14-ի № 967-Ն որոշման մէջ լրացում կատարելու մասին» կառավարութեան որոշման նախագիծը։

Նախագիծի մշակման նպատակը Թառ կամ հանրութեան մօտ աւելի յայտնի Կարմիր Կատար հրաբուխի ներառումն է բնութեան յուշարձաններու ցանկին մէջ, քանի որ հանդիսանալով հրաբխականութեան իւրայատուկ արտայայտութիւն՝ այն ունի գիտաճանաչողական մեծ նշանակութիւն։ Գտնուելով Գեղարքունիքի մարզի, Գեղամայ լեռնաշղթայի կեդրոնական-ջրբաժանային հատուածին մէջ, Աժդահակ հրաբուխէն հարաւ-արեւմուտք՝ այն կը ներկայացնէ խարամալաւային կոն՝ 3530.0մ բացարձակ բարձրութեամբ, իսկ գագաթային հատուածին ունի 300մ տրամագիծով խառնարան, ուր առկայ է խառնարանային լիճ:

Այն ունի նաեւ զբօսաշրջային մեծ նշանակութիւն եւ կը համարուի բազմաթիւ լեռնագնացներու ու էքոզբօսաշրջութեան սիրահարներու սիրելի վայր։

Նախագիծի ընդունմամբ հնարաւորութիւն կ'ընձեռուի ապահովել որպէս բնութեան յատուկ պահպանուող տարածքի՝ բնութեան յուշարձանի պահպանութիւնը, պաշտպանութիւնն ու իրաւական կարգավիճակը, արտաքին գեղագիտական եւ երկրաբանական անխաթար տեսքը եւ որպէս երկրաբանական արժէքաւոր տարածք։