image

«Կարեւոր է օգնել Հայաստանին». Յունաց ԱԳ նախարարը ամփոփեց Հայաստան կատարած այցը

«Կարեւոր է օգնել Հայաստանին». Յունաց ԱԳ նախարարը ամփոփեց Հայաստան կատարած այցը

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորղոս Կերափեթրիթիսը յայտարարութիւն տուած է Յունաստանի հանրային ERT հեռուստաընկերութեան եւ լրագրող Քաթերինա Ֆրիսային՝ Հայաստան կատարած պաշտօնական այցի աւարտէն ետք:

Այս մասին կը տեղեկացնեն Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն:

«Այսօր ես հնարաւորութիւն ունեցայ այցելելու Հայաստան եւ հանդիպելու վարչապետի, արտաքին գործոց նախարարի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի հետ։

Միեւնոյն ժամանակ այցելած եմ Երեւանի մէջ Յունաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն։

Հայաստանի հետ Յունաստանը պատմական կապեր ունի, դարերու պատմութիւն ունեցող կապեր։ Այն մեզի բարեկամ երկիր է։ Յունաստանը, այս յաւերժական բարեկամութեան ծիրէն ներս, միշտ հոգ կը տանի՝ Հայաստանին ապահովելու անհրաժեշտ համերաշխութիւնն ու անվտանգութիւնը։ Յատկապէս այսօր՝ այս ժամանակաշրջանին, երբ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու պատճառով տարածքային ամբողջականութիւնը լուրջ ճնշման տակ է։

Յատկապէս կարեւոր է թէ՛ որպէս խորհրդանիշ, թէ՛ որպէս Յունաստանի անունով լաւ ծառայութիւններու մատուցում Հայաստանին, օգնել մեր բարեկամ եւ դաշնակից երկրին բոլոր միջազգային հարթակներու վրայ․ Եւրոմիութեան մէջ, ինչպէս նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ՝ համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան պահպանման համար, եւ այնտեղ, ուր կը պահանջուի՝ տալ լուծում, որ կ՚ըլլայ արդար եւ կայուն եւ կը հաստատէ տարածքային ամբողջականութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան մասին ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան սկզբունքները, ինչպէս նաեւ ցանկացած թշնամական գործողութենէ խուսափելու համար։

Յունաստանի կառավարութեան, յունական պետութեան համար սկզբունքային է աջակցութիւն ցուցաբերել բոլոր անոնց, որ կը գտնուին պաշտպանութեան մէջ որեւէ տեսակի յարձակումէ»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: