image

Կարեւոր դեր ունի. Փութին կարեւորեց Ասիոյ դերը

Կարեւոր դեր ունի. Փութին կարեւորեց Ասիոյ դերը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ասիոյ փոխգործակցութեան եւ վստահութեան միջոցներու խորհրդակցութեան (ԱՓՎՀԽ) գագաթաժողովին ընդգծած է Ասիոյ առաջատար դերը բազմաբեւեռ աշխարհի մէջ եւ առաջարկած է փոխհաշուարկներու մէջ աւելի աշխոյժ օգտագործել ազգային արժոյթները, տեղեկացուցած է Zakon.kz-ի թղթակիցը։

Վլատիմիր Փութին նշած է, որ Ասիական տարածաշրջանի երկիրները կը դառնան համաշխարհային տնտեսական աճի շարժիչները։

Աշխարհը կը դառնայ իսկապէս բազմաբեւեռ, որուն մէջ բաւական նկատելի, եթէ ոչ՝ առանցքային դեր կը խաղայ Ասիան, ուր ուժի նոր կեդրոններ կ'առաջանան եւ կ'ամրապնդուին։

Ան նաեւ ընդգծած է, որ Ասիական տարածաշրջանին մէջ արդիւնաւէտ կը գործեն համարկման այնպիսի միաւորումներ, ինչպիսին են Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութիւնը, Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու միութիւնը, Եւրասիական տնտեսական միութիւնը։ Այս բոլոր գործընթացներուն կը մասնակցի նաեւ Ռուսիան։

Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Ռուսիա կողմ է Ասիոյ զարգացման եւ բարգաւաճման, այդ նպատակներով փոխադարձ առեւտուրի եւ ներդրումային համագործակցութեան լայն տարածքի ստեղծման՝ ընդլայնելու եւ խորացնելու համար համագործակցային կապերը տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու մէջ։

Անոր կարծիքով՝ անհրաժեշտ է նաեւ վերանայիլ համաշխարահային ֆինանսական համակարգի աշխատանքը։