image
Հրատապ լուրեր:

«Կարելի չէ լուռ անցնիլ». Բագրատունի կը բողոքէ

«Կարելի չէ լուռ անցնիլ». Բագրատունի կը բողոքէ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ դարձեալ դատապարտեց «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նահատակներու» յիշատակին Աքքարի Քաուաշրա աւանին մէջ կանգնեցուած յուշակոթողի արարքը: «Վանայ ձայն»-ի արաբերէն բաժինի հաղորդավար Հալա Հատտատի հարցումներուն պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի անարգական որակեց նշեալ յուշակոթողին կանգնեցումը Քաուաշրայի մէջ: Ան յայտնեց, թէ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիին այցելած է այս գծով, եւ վերջինս խոստացած է հետապնդել այս հարցին ծալքերը:

«Օրինական դիտանկիւնէն յատուկ գործընթաց կայ, որ պէտք է յարգուէր, սակայն ի յայտ եկաւ, թէ ո՛չ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը եւ ո՛չ ալ շրջանի նահանգապետը տեղեակ եղած են նման յուշակոթողի մը զետեղման քայլէն», յայտնեց Բագրատունի` նշելով, որ շրջանի քաղաքապետութիւնը ինքնագլուխ առած է նման քայլ մը:

Բագրատունի խիստ կերպով քննադատեց ու դատապարտեց յուշակոթողի զետեղումը` հարց տալով, թէ  «ո՞ր նահատակներու յիշատակին կանգնեցուած է այդ յուշակոթողը», եւ աւելցուց. «Լիբանանեան բազմաթիւ շրջաններու մէջ փափաք կայ հայոց նահատակներու յիշատակին յուշակոթող զետեղելու, սակայն մենք կը յարգենք լիբանանեան տարբեր հատուածներու զգացումները»:

«Շրջանին մէջ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան օրերէն մնացած թրքական ծագումով լիբանանցիներ կան, սակայն մենք միշտ համակեցութեան մօտեցումով եւ յարգալիր վերաբերմունք ունեցած ենք լիբանանեան բոլոր հատուածներուն նկատմամբ` իբրեւ նոյն երկրի քաղաքացիներ», ըսաւ Բագրատունի` շեշտելով, որ հարցը Քաուաշրայի բնակչութեան հետ չէ:

«Բնականաբար, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դեսպանատուները կը կանգնին այս քայլին ետին եւ Լիբանանի մէջ տիրող կացութենէն օգտուելով կ՛ուզեն «սպրդեցնել նման արարք մը, որուն վրայէն կարելի չէ լռութեամբ անցնիլ», շարունակեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Հանդիսութեան ներկայ լիբանանցի երեսփոխաններուն անդրադառնալով Բագրատունի յայտնեց, թէ երեսփոխան Ճիմի Ժապպուր, որ նաեւ դաշնակից է, դէպքին ներկայ չէ գտնուած, այլ պարզապէս գացած հետաքրքրուած է ուրիշ շրջանի մը յատկացուած նուիրատուութեան հարցով: «Այս արարքը կը խոցէ բոլոր հայերու արժանապատուութիւնը, ինչպէս նաեւ անիկա միաժամանակ կը խոցէ ու կը հարուածէ միջլիբանանեան համակեցութիւնը», ընդգծեց Բագրատունի` յիշեցնելով Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին լիբանանցիներուն սովամահութիւնը օսմանցիներուն կողմէ:

 

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն