image

«Կապ ունի Հայաստանի խօսքէն» Թուրք գործիչը գնդակը դարձեալ Հայաստանի դաշտ նետեց

«Կապ ունի Հայաստանի խօսքէն» Թուրք գործիչը գնդակը դարձեալ Հայաստանի դաշտ նետեց

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան խօսնակ Օմար Չելիքը պատասխանած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին։

Օմար Չելիք պնդած է, թէ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կախուած է անկէ, թէ ինչքանով Հայաստանը իր խօսքը կը յարգէ։ 

Անոր խօսքով, նախապէս որոշ երկիրներ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը տապալէին, որպէսզի Հայկական Սփիւռքն իրենցմէ շարունակէ կախում ունենալ։

Յիշեցնենք, որ այս տարուայ 1 ուլիսին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանը եւ դեսպան Սերտար Քըլըչը Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման պայմանաւորուած են հնարաւոր ամենասեղմ ժամկէտներու մէջ Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմանը հատելու հնարաւորութիւն ապահովել, համապատասխանաբար, Հայաստան եւ Թուրքիա այցելող երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար եւ որոշած են սկսիլ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ գործընթացները:

Նաեւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է հնարաւոր ամենասեղմ ժամկէտներու մէջ մեկնարկել Հայաստան-Թուրքիա ուղիղ օդային բեռնափոխադրումներու իրականացումը եւ որոշած են սկսիլ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ գործընթացները: Բացի այդ, քննարկուած են այլ հնարաւոր քայլեր, որոնք կրնան ձեռնարկուիլ երկու երկիրներու միջեւ լիարժէք կարգաւորման վերջնական նպատակին հասնելու համար։