Նշենք, որ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած այս դէպքը առաջինը չէ իր տեսակին մէջ եւ տարբեր առիթներով նման, բառիս բուն իմաստով վայրագ տեսարաններ ցնցած են Լիբանանի հասարակութիւնը։
Լիբանանի Պեքայի Քամէտ Ալ Լաուզ աւանին մէջ եղած դէպքը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է բնապահմաններու շրջանակներուն մօտ։
لثواني وقفت الدني.
— Ghina (@GhinaNahfawi) April 15, 2022
وضحكات الطفل حرقوني..
عايشين مع وحوش مجرمة قاتلة..
حبيبي يا صغَيّر..
كانوا آخر لحظات الك بشمس نيسان..
ليش ما هاجمتها؟ ليش ما وقفت بوجه هالشيطان؟
وهالضحكات مسامير بنعش هالطفولة.
سلمى غندور من كامد اللوز البقاع الغربي، جريمتك برسم الله و @LebISF وضمائر المعنيين! pic.twitter.com/zn7EKNKF3N
Ղինա Նահֆաուի անունով ընտանի կենդանիներու խնդիրներով զբաղուող օգտատէրը, դվիթերեան իր էջով տեղադրած է տեսանիւթ մը, ուր անծանօթ երիտասրդուհի մը որսի զէնքով կրակ կը բանայ բակը նստած շան մը վրայ։
Շունը իսկոյն կը սատկի, իսկ երիտասարդուհին եւ անոր կողքը գտնուող անչափահաս երեխաներ հրճուանքի արտայայտութիւններ կ՚ունենան։
Նշենք, որ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած այս դէպքը առաջինը չէ իր տեսակին մէջ եւ տարբեր առիթներով նման, բառիս բւն իմաստով վայրագ տեսարաններ ցնցած են Լիբանանի հասարակութիւնը։
Լուրը ՝ Ընկերային ցանցերու, «Արեւելք»ի