Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նշած է, որ ջրային պաշարներու հարցը հետզհետէ աւելի հրատապ կը դառնայ Ռուսիոյ հարեւան երկիրներուն համար։ Այս մասին հաղորդած է ԹԱՍՍ։
«Ջրային պաշարներու հարցը մեզի համար երթալով աւելի հրատապ կը դառնայ. փառք Աստծոյ, այստեղ ամէն ինչ լաւ է, բայց մեր հարեւաններուն, Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) անդամ երկիրներուն համար շատ հրատապ է», - ըսած է Ռուսիոյ ղեկավարը կլիմայի փոփոխութեան հարցերով իր յատուկ ներկայացուցիչ Ռուսլան Էտելկերիեւի հետ հանդիպման ժամանակ։
«Մենք այստեղ որոշակի մրցակցային առաւելութիւններ ունինք, եւ մենք պէտք է զանոնք արդիւնաւէտ ձեւով օգտագործենք»,- աւելցուցած է նախագահը։