image

Իտալիոյ մէջ «կորսուած» ուղղաթիռին հետքերով.Ուղղաթիռին մէջ եղած են 3 լիբանանացիներ

  Իտալիոյ մէջ «կորսուած» ուղղաթիռին հետքերով.Ուղղաթիռին մէջ եղած են 3 լիբանանացիներ

 Անցնող ժամերուն համացանցի տարբեր հարթակներու վրայ տարածուեցաւ  իտալական ուղղաթիռի մը անյետացման մասին լուրը։ 

 

Քիչ առաջ պարզ դարձած է, որ ուղղաթիռին մէջ եղող 7 անհատներէն 3-ը եղած են Լիբանանի քաղաքացիներ։

Լուրը հաստատած է նաեւ «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանը նշելով, որ լիբանանցիները եղած են գործարարներ, որոնք այս շրջանին Իտալիա հասած են մասնակցելու  իրենց ոլորտին հետ կապ ունեցող ցուցահանդէսներու։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ  ուղղաթիռը անհետացած է յատկապէս Ալպեան լեռնաշղթայի վերեւ եւ այն կ՚ուղղուէր Լուքա շրջանէն դէպի Ֆիճենզիա։

Կը նշուի նաեւ, որ ուղղաթիռին մէջ եղած են չորս թուրքեր, որոնք իտալական ընկերութեան մը պաշտօնաներն են։

 

 Մինչեւ այս պահը ուղղաթիռին եւ անոր ուղեւորներուն մասին ոչ մէկ տուեալ կը հաղորդուի։