Շաբաթ, 9 Հոկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, իտալական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելեց Պուրճ Համուտ:
Պատուիրակութիւնը կ'ընդգրկէր Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթա Պոմպարտիերին, առաջին քարտուղար Էմանուէլ Տանտրասին եւ իտալական զարգացման գործակալութեան պաշտօնատար անձեր:
Այցը մեկնարկեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ, քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ քաղաքապետարանի պատասխանատուներուն հետ հանդիպումով:
Պօղոսեան ներկայացուց իրարայաջորդ ճգնաժամերու հետեւանքները տարածաշրջանին եւ ժողովուրդին վրայ՝ սկսած կենսական պահանջներու բողոքի շարժումներէն մինչեւ Գորոնա ժահրի համաճարակը, նավահանգիստի պայթումը եւ տնտեսական, կենցաղային եւ բնապահպանական ճգնաժամերը: Ան պատուիրակութեան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջադրած օժանդակութեան ծրագրերուն, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի վերանորոգման օգնութիւններուն համար, երկարաժամկէտ գործընկերութիւն զարգացնելու մաղթանքներ կատարելով:
Դեսպան Պոմպարտիերին իր գոհունակութիւնը յայտնեց իտալական CESVI եւ CISP կազմակերպութիւններուն՝ Պուրճ Համուտի մէջ աշխատելու ողջամիտ ընտրութեան համար: Ան ըսաւ, որ մարտահրաւէրները մեծ են եւ կան ընդհանուր յայտարարներ, վստահեցնելով նախագահ Պօղոսեանին, որ իտալական զարգացման գործակալութեան մէջ պիտի գտնէ յուսալի գործընկեր: Ան նաեւ ընդգծեց, որ իտալական կողմը ջանք պիտի չխնայէ օգնելու յաղթահարել այդ մարտահրաւէրները: