image

Իսրայէլը հիմնովին ցնցուած

Իսրայէլը հիմնովին ցնցուած

Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան հետեւողներուն համար վերջին շրջանին ամենաշատ քննարկուած նիւթերէն մին է «Համաս»ի գործողութեան իրական հետեւանքներն ու անոնց տարողութիւնը։ Ի՞նչ փոխեց 7 հոկտեմբերի գրոհը Իսրայէլի համար՝ տակաւին պարզ չէ, բայց եւ այնպէս, ըստ բազմաթիւ վերլուծաբաններու, աւելի քան յայտնի է, որ այսօր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու ծանրակշիռ ճիգեր կը գործադրէ՝ նպատակ ունենալով ընդամէնը ժամանակ շահիլ։ Նեթանիյահու, որ շատ լաւ սկսած է հասկնալ, թէ որեւէ պահու հրադադարի մը հաստատումը կրնայ իր քաղաքական ասպարէզին վերջակէտ մը դնել, փոխած է նաեւ իր ռազմավարական գրաւներու ընդհանուր ուղղութիւնը։ Այն իմաստով, որ հոկտեմբերէն մինչեւ դեկտեմբերի աւարտը ան կը հաւատար, թէ Իսրայէլի բանակը շատ արագ ձեւով կացութիւնը կը շրջէ Կազզէի մէջ, սակայն ներկայիս շատ լաւ կը գիտակցի, որ «այդ երգը արդէն երգուած է»։

Այս առումով օրերս կարեւորագոյն դիտարկում մը հրապարակուեցաւ արաբական «Ալ Ճազիրա»ի մէջ՝ դիտել տալով, որ այսօրուան դրութեամբ Իսրայէլի բանակին մէջ կան ստորաբաժանումներ (եւ բնականաբար այդ ստորաբաժանումներու տէրն ու տիրականը համարուող հրամանատարներ), որոնք երդում կատարած են չհնազանդիլ Նեթանիյահուի կամ պատերազմական նախարար Պենի Կանցի հրամաններուն, երբ զանգը հնչէ եւ հրամանը հասնի արշաւելու դէպի Ռեֆահ։ Այս մօտեցումը, անշուշտ, կապ չունի միջազգային հանրութեան ու յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու այդ պարագային որդեգրած ժխտական կեցուածքներուն հետ, բայց եւ այնպէս, այդ մէկը կապ ունի բանակի ներքին տրամային ու անոր մեծագոյն կորուստներուն հետ։ Ճիշդ է, որ այս առումով եթէ փորձենք նժար մը դնել ու չափել երկու կողմերու վնասները, ապա այդ պարագային նժարը պիտի յարի դէպի Պաղեստինի կողմը։ Սակայն սա եւս որոշակիօրէն կ՚իմաստազրկուի, եթէ հաշուի առնենք Իսրայէլի բանակի հոգեբարոյական վիճակը եւ անկումային դրութիւնը։

Այս բոլորէն անդին արդէն յստակ է, որ «Համաս» բաւական ծանր հարուած մը տուած է ո՛չ միայն Նեթանիյահուին, այլ՝ ամբողջ Իսրայէլի կառավարութեան, որ յառաջիկայ փուլին ստիպուած պիտի ըլլայ ամէն գնով փոփոխութեան ենթարկել իր քաղաքական կամ ռազմավարական ընդհանուր հայեցակարգը ու զայն մօտեցնել ներկայ ընդհանուր պատկերին։

Այս առումով ալ ամերիկեան «The New York Times» պարբերականը կատարած է կարեւոր դիտարկումներ, ըստ որոնց Իսրայէլի ապագայի շուրջ պայքարը դարձեալ պիտի սկսի Կազզէի հատուածին մէջ՝ պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք: Այդ մասին լաւ գիտեն Իսրայէլի վարչապետը եւ անոր աջակողմեան դաշինքի գործընկերները։ Հաղորդման մէջ շեշտուած է, թէ Նեթանիահու կը շահագործէ Կազզէի դէմ պատերազմը՝ իր իշխանութիւնը պահպանելու համար: Նեթանիյահուի եւ անոր գործընկերներու պատերազմին յաջորդելիք իրավիճակին գիտակցումը որոշակիօրէն պատճառ կը համարուի, թէ անոնք նշանակէտ կը դարձնեն ամբողջական յաղթանակի հասնելու անիրագործելի նպատակը։

 

Պարբերականի հաղորդման տեւողութեան նշուած է, որ «Համաս»ի մօտ գտնուող գերիներու գործարքին դիմաց արգելքներ դնելու Նեթանիյահուի մօտեցումը կը բացատրուի նոյն կերպ եւ այդ մէկը կապուած է Կազզէի պատերազմի աւարտէն ետք սպասուած վիճակի մտավախութիւններուն հետ։

Կազզէի դէմ պատերազմը սառեցուց Իսրայէլի պառակտուած քաղաքական համակարգը, որ յայտնի դարձաւ պատերազմի նախորդող ամիսներուն եւ այդ աննախադէպ պառակտման պատճառն էր դատական փոփոխութիւնները, զորս Նեթանիյահուն կը յամառէր ընդունիլ: Այդ լոյսին տակ նոյնիսկ նախազգուշացումներ կ՚ըլլային քաղաքացիական պատերազմի բռնկման դէմ. այդ բոլոր կատաղի վէճերը եւ քննարկումները առկախուեցան պատերազմի մեկնարկումով։

Պենի Կանցին եւ անոր կուսակցութեան թոյլ չտրուեցաւ լքել կառավարութիւնը, մինչդեռ Նեթանիյահուն կրցաւ խուսափիլ ընտրութիւններու նոր փուլէն: Նեթանիյահուի քաղաքական ապագան մռայլ կը թուէր անցեալ հոկտեմբերի 7-ին յաջորդող շաբաթներուն, քանի որ Իսրայէլի բնակավայրերու վրայ Պաղեստինի դիմադրութեան յարձակումը ոչնչացուց վարչապետի ժառանգութիւնը, որով ան կը պարծենար, թէ իշխանութեան ղեկին անցուցած տասնհինգ տարիները ամենաապահովը եղած են երկրին համար։

Նեթանիյահու ինքզինք բնութագրած է որպէս «անվտանգութեան պետ» եւ ըսած՝ որ յոյս ունի, թէ մարդիկ կը յիշեն զինք որպէս «Իսրայէլի պաշտպան»։ Ան այժմ պատասխանատու է Իսրայէլի պատմութեան մէջ ամենաարիւնալի օրուան համար: Չեն կրնար ընդմիշտ յետաձգուիլ չկարգաւորուած հիմնարար քննարկումները՝ թէ ո՛վ պիտի փոխարինէ զինք:

Յատկանշական է, որ նոյն պարունակին մէջ Իսրայէլի նախկին վարչապետ Էհուտ Պարաք խօսած էր՝ ընդգծելով, որ իշխանութիւնը ստանձնելէ ետք Նեթանիյահուի կատարողականութեան աստիճանական վատթարացումը՝ քորոնաժահրի համաճարակի, ընտրական փուլերու, դատական փոփոխութիւններու եւ պատերազմի ժամանակ, կորսնցուցած է անոր հաւասարակշռութիւնը եւ ան չարաչար ձախողած է թէ՛ երկիրը կառավարելու եւ թէ պատերազմի կառավարման մէջ:

Ի պատասխան անոնց, որոնք կ՚աջակցին Նեթանիյահուի կառավարութեան աւարտման, Պարաք բացատրած է, որ «հանգամանքը սովորական չէ եւ առկայ պատերազմը, որ Իսրայէլի հիմնադրումէն ի վեր պատահած ամենավտանգաւոր իրադարձութիւնը կը նկատուի եւ հաւանաբար կրնայ վերածուիլ տարածաշրջանային պատերազմի մը, ուղեկցուած է աննախադէպ քաղաքական, կատարողական եւ մարդկային ցնցումներով եւ անոր նախորդած է Իսրայէլի ինքնութեան շուրջ բուռն պայքարը։ Պարաք նաեւ ընդգծած է, որ ընտրութիւններու պահանջը նպատակ չունի պատժել հոկտեմբերի 7-ի ձախողումներու եւ պատերազմի ընթացքին ձախողած ռազմավարական կառավարման պատասխանատուները, այլ այն ապագայի պահանջ է՝ ընդգծելով, որ Իսրայէլին կը սպասէ շատ աւելի բարդ մարտական փորձութիւններ՝ քան որեւէ ժամանակ։ Իսրայէլին կը սպասէ նաեւ շատ բարդ բանակցութիւններ եւ բարդ դիւանագիտութիւն, իր թշնամիները զսպող ուժն ու մարտական հզօրութիւնը վերականգնելու մարտահրաւէրներ, որոնք ներկայ իշխանութիւնները ի վիճակի չեն կատարելու՝ որովհետեւ անոնք արդէն ձախողած են։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...