image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլի վարչապետը կ'այցելէ ԱՄԷ

Իսրայէլի վարչապետը կ'այցելէ ԱՄԷ

Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ յայտարարած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարելիք այցին մասին՝ հանդիպելու Պարսից ծոցի պետութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Ան ընդգծած է, որ սա պատմութեան մէջ Իսրայէլի վարչապետի առաջին այցն է ԱՄԷ։

«Ես կը մեկնիմ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ՝ Իսրայէլի վարչապետի՝ պատմութեան մէջ առաջին այցով», յայտնած է Պենեթ։

Սա նաեւ առաջին բարձրաստիճան այցն է երկու երկիրներուն միջեւ՝ անցեալ տարի Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ յարաբերութիւններու կարգաւորումէն ետք։

Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակին փոխանցմամբ՝ Պենեթը ԱՄԷ թագաժառանգ արքայազն Մոհամմատ պըն Զայէտի հետ պիտի քննարկէ երկկողմ տնտեսական եւ ռազմական կապերու հաստատման հարցեր։