Իսրայէլի բանակը յայտարարած է, որ Լիբանանի մէջ ոչնչացուցած է «Հըզպալլա» շարժման կարեւոր հրամանատարներէն Սուհէյլ Հուսէյն Հուսէյնին, որ պատասխանատու էր շարժման ստորաբաժանումներու միջեւ զէնքի բաշխման համար։
«Երէկ Իսրայէլի Ռազմաօդային ուժերը հետախուզական տուեալներու վրայ հիմնուած կէտային հարուածներ հասցուցած է Պէյրութի շրջնին մէջ`ոչնչացնելով «Հըզպալլա» կազմակերպութեան Շտաբի հրամանատար Սուհէյլ Հուսէյն Հուսէյնին։ Շտաբը կը համակարգէ «Հըզպալլա»ի ներքին բանակավարութիւնը եւ պատասխանատու է կազմակերպութեան տարբեր ստորաբաժանումներու պիւտճէթաւորման եւ կառավարման համար։ Հուսէյնին առանցքային դեր կը խաղար Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի միջեւ զէնքի փոխանցման համար եւ պատասխանատու էր «Հըզպալլա»ի միջեւ առաջատար սպառազինութեան բաշխման համար», – յայտնած է բանակն իր կայքին մէջ։
ՑԱԽԱԼ–ը աւելցուցած է, որ Հուսէյնին մասնակցած է «Հըզպալլա»ի ռազմական գործողութիւններու մշակման։
Իսրայէլը հոկտեմբեր 1-էն «Հըզպալլա»ի ուժերու դէմ ցամաքային գործողութիւն կ՚իրականացնէ Լիբանանի հարաւին մէջ եւ կը շարունակէ օդային ռմբակոծութիւնները հարեւան երկրի վրայ, ուր արդէն զոհուած է աւելի քան հազար մարդ, այդ շարքին՝ շիա շարժման առաջնորդներ։ Աւելի քան 90 հազար մարդ փախստական դարձած է: Հակառակ կորուստներուն, ներառեալ՝ հրամանատարական կազմի, «Հըզպալլա» ցամաքային մարտեր կը մղէ եւ չի դադրեցներ Իսրայէլի տարածքի հրթիռակոծումը: