image

Իսրայէլի բանակը եւ «Հըզպալլա»ն յայտնած են փոխադարձ հարուածներու մասին

Իսրայէլի բանակը եւ «Հըզպալլա»ն յայտնած են փոխադարձ հարուածներու մասին

Լարուած իրավիճակ է Իսրայէլ-Լիբանան սահմանին: Իսրայէլի բանակը եւ «Հըզպալլա»ն յայտնած են փոխադարձ հարուածներու մասին: Վերջին շաբթուան ընթացքին կողմերը աշխուժացուցած են ռմբակոծութիւնները:

Իսրայէլի Քիրեաթ Շմոնա քաղաքի ուղղութեամբ հրթիռակոծութեան հետեւանքով տուժած են քաղաքացիական կառոյցներ, մօտակայ անտառային տարածքներուն հրդեհ բռնկուած է: Իսրայէլի բանակը յայտնած է, որ ի պատասխան՝ թիրախաւորած է Լիբանանի հարաւը տեղակայուած «Հըզպալլա»-ի շարք մը կառոյցներ եւ դիրքեր: 

Իսրայէլի բանակը տեղեկացուցած է, որ Կազայի հատուածէն ալ հրթիռներ արձակուած են իսրայէլեան Պէեր Շեւա քաղաքի ուղղութեամբ: Լրատուական միջոցները յայտնած են խաղաղ բնակիչներ տուժելու մասին: