Երբ լիբանանցի երգչուհի Էլիսան յայտարարեց, որ կը պատրաստուի Իրաքի մէջ տեղի ունենալիք համերգին, ի յայտ սկսաւ գալ «Իրաքցիները կը մերժեն Էլիսայի երգեցողութիւնը Իրաքի մէջ» պիտակը, որուն պատճառը Էլիսայի հակահըզպալլայական յայտարարութիւններն են:
Թուիթըրի օգտատէր մը գրած է. «Իրաքցիները կը մերժեն Էլիսան առ ի զօրակցութիւն Պաղեստինի եւ պաղեստինցի ժողովուրդի զոհողութիւններուն: Իրաքը միշտ պիտի կանգնի Պաղեստինի կողքին, ընդդէմ սիոնիաստական էութեան»: Սակայն, միւս կողմէ, կան նաեւ ուրիշներ, որոնք ոգեւորութիւն արտայայտեցին համերգին նկատմամբ:
Մինչ այդ, Էլիսա ընկերային ցանցի իր սեփական էջին միջոցով յայտարարած էր, որ կը պատրաստուի Իրաքի Պաղտատ քաղաքին մէջ կայանալիք համերգին, հրապարակելով իր նկարը եւ «Էլիսան առաջին անգամ ըլլալով Պաղտատի մէջ, Ուրբաթ 22-10-2021 » գրութիւնը: