image

«Իրանը որեւէ մէկուն արտօնութեան կարիք չունի» Իրանի ԱԳ-ի խօսնակը Իսրայէլը հարուածելու մասին

«Իրանը որեւէ  մէկուն  արտօնութեան կարիք չունի» Իրանի ԱԳ-ի  խօսնակը Իսրայէլը հարուածելու մասին

«Իրանը որեւէ մէկէն թոյլտուութիւն չի խնդրեր սեփական ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու իր իրաւունքը իրացնելու համար»։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Նասեր Քանանի նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է:

12 օգոստոսին Մեծ Բրիտանիան, Գերմանիան եւ Ֆրանսան հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ, որով կոչ ըրած են Իրանին եւ անոր դաշնակիցներուն զերծ մնալու յարձակումներէն, որոնք կրնան ա՛լ աւելի մեծցնել տարածաշրջանային լարուածութիւնը եւ վտանգել զինադադարի եւ պատանդներու ազատ արձակման շուրջ համաձայնութեան գալու հնարաւորութիւնը:

«Իսլամական հանրապետութիւնը վճռական տրամադրուած է ինքնիշխանութեան եւ ազգային անվտանգութեան ապահովման, տարածաշրջանային կայունութեան խթանման եւ տարածաշրջանին մէջ ահաբեկչութեան եւ անկայունութեան իրական աղբիւրի նկատմամբ զսպման հարցով եւ որեւէ մէկէն թոյլտուութիւն չի խնդրեր իր իրաւունքներու իրացման համար», - ընդգծած  է Քանանի:

«Եթէ այդ երկիրներն իսկապէս կը ձգտին տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան, անոնք պէտք է առանց որեւէ վերապահման հանդէս գան իսրայէլեան ռեժիմի սադրանքներու եւ հակամարտութեան հրահրման դէմ, անյապաղ աւարտեն Կազայի հատուածի դէմ պատերազմը եւ վերջ դնեն Պաղեստինի կանանց, երեխաներու եւ անպաշտպան բնակիչներու սարսափելի սպանութիւններուն»,-  յայտարարած է իրանցի դիւանագէտը՝  ընդգծելով, որ եւրոպական եռեակն իր յայտարարութեամբ լկտիաբար կը պահանջէ Իրանէն պատասխան միջոցներ չձեռնարկել իր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը խախտող ռեժիմին դէմ: