image

Իրանը նոր «Պալիսթեան» փորձարկած է

Իրանը  նոր «Պալիսթեան» փորձարկած է

Իրան ստեղծած է հայրենական առաջին վերձայնային պալիսթիք հրթիռը: Այս մասին այսօր յայտարարած է Իրանի Իսլամական հեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի օդատիեզերական ուժերու հրամանատար Ամիրալի Հաճիզատէն։

«Այս նոր հրթիռը պիտի անցնի հակահրթիռային պաշտպանութեան ստուգման բոլոր համակարգերով, եւ ես չեմ կարծեր, թէ տասնամեակներու ընթացքին կը գտնուին արհեստագիտութիւններ, որոնք կը կարենան դիմակայել անոր»,- Հաճիզատէի խօսքերը մէջբերած է Tasnim գործակալութիւնը։

Ան ընդգծած է, որ ստեղծուած հրթիռը հակառակորդի հակահրթիռային համակարգերու ոչնչացման հարցի լուծումն է։ Անոր խօսքով՝ այս զէնքի ստեղծումը մեծ թռիչք է հրթիռներու արտադրութեան մէջ։