image

Իրանի հարցով Իսրայէլը պատրաստ է բոլոր սենարներուն. Լափիտի ակնարկը

Իրանի  հարցով Իսրայէլը պատրաստ է բոլոր սենարներուն. Լափիտի ակնարկը

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակին եւ իսրայէլեան հետախուզութեան՝ «Մոսատ»-ին, յանձնարարուած է պատրաստուիլ Իրանի վերաբերեալ բոլոր սենարուն։ Այս մասին  յայտարարած է հրէական պետութեան վարչապետ Եայիր Լափիտ՝ մեկնաբանելով Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի (ԳՀՀԾ) հնարաւոր վերականգնման շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։ 

«Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերը եւ «Մոսատ»-ը հրահանգներ ստացած են մեզմէ՝ պատրաստուելու ամէն տեսակ սենարի, մենք պատրաստ ենք գործելու Իսրայէլի անվտանգութիւնը պահպանելու համար։ Սա կը հասկնան ամերիկացիները, սա կը հասկնայ ողջ աշխարհը, սա պէտք է գիտնայ նաեւ Իսրայէլի հանրութիւնը»,- գրած է վարչապետը Twitter-ի իր էջին։

Լափիտ անգամ մը եւս ընդգծած է, որ Իսրայէլ դէմ է միջուկային ծրագրի շուրջ Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի ներկայիս տեսքով վերականգնման:

«Այն վատ համաձայնագիր է, այն արդէն վատ էր, երբ ստորագրուեցաւ 2015 թուականին, այսօր անկէ բխող վտանգներն աւելի մեծցած են: Այն մօտ է աւարտման ժամկէտին, իսկ Իրանը արհեստագիտութիւններու զարգացման առումով այլ վիճակի մէջ է»,- ըսած է ան։

Իսրայէլի վարչապետի խօսքով՝ իր երկրի գլխաւոր առաջնահերթութիւնն ի սկզբանէ եղած է իրանեան միջուկային ծրագրի շուրջ գործարքին դէմ հանդէս գալը: 

«Մեր քաղաքական ուղղութիւնն առաջին իսկ օրէն այս համաձայնագրի դէմ մեր ողջ ուժով պայքարիլն է, բայց չվնասելով ԱՄՆ-ի հետ մեր ռազմավարական յարաբերութիւններուն»,- ըսած է Լափիտ։