image

Իրանի Արեւելեան Ատրպէյճան համայնքի ղեկավարը ապտակի թիրախ

Իրանի Արեւելեան Ատրպէյճան համայնքի ղեկավարը ապտակի թիրախ

Իրանի հիւսիսարեւմտեան նահանգի նոր նահանգապետը՝ իր երդմնակալութեան արարողութեան ժամանակ, դէմքին ապտակ ստացած է զայրացած տղամարդու կողմէ:

Արեւելեան Ատրպէյճան նահանգին մէջ պաշտօնեայի վրայ յարձակման դրդապատճառը տակաւին պարզ չէ: Ըստ վարկածներէն մէկուն՝ պատճառը անձնական է:

Նոր նահանգապետ Ապըտտին Խորրամը, նահանգային մայրաքաղաք Թավրիզի ամբիոն բարձրացած էր, երբ տղամարդը քալելով բարձրացած է բեմ եւ անմիջապէս ապտակած՝ պաշտօնեային: Անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները անմիջապէս յարձակողը քաշած են մէկ կողմ:

Վայրկեաններ անց նահանգապետը բեմ վերադարձած է՝ ելոյթը շարունակելու համար:

Չնայած Խորրամը ըսած է, որ չի ճանչնար այդ մարդը, սակայն պետական IRNA լրատուական գործակալութիւնը հետագային գրած է, որ յարձակողը եղած է Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու «Աշուրա» ջոկատի անդամ, որ կը վերահսկուէր Խորրամի կողմէ: IRNA-ն յարձակումը որակած է որպէս «անձնական պատճառներով»՝ առանց մանրամասնելու:

Նշենք, որ նոր նահանգապետը ժամանակին կը ծառայէր Իսլամական յհեղափոխութեան պահապաններու ջոկատին մէջ եւ, ըստ տեղեկութիւններու, ժամանակին առեւանգուած էր Սուրիոյ մէջ ապստամբներու կողմէ: