Իրանը պաշտօնական ռազմական ալիքներով տեղեկացուցած է Ատրպէյճանին, որ 5 Հոկտեմբերէն սկսեալ պիտի արգիլէ դէպի Նախիջեւան ուղեւորուող ատրպէյճանական ռազմական օդանաւերու թռիչքը Իրանի տարածքով:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ խօսքը Ատրպէյճանէն Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն ռազմական սարքաւորումներ տեղափոխող ինքնաթիռներու մասին է:
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ կատարուած յայտարարութեան համաձայն՝ 5 Հոկտեմբերին Նախիջեւանի մէջ մեկնարկած են թուրք-ատրպէյճանական նոր զօրավարժութիւններ՝ ի պատասխան իրանեան ուսումնավարժանքներուն, որոնք կը կատարուին Ատրպէյճանի հետ սահմանին երկայնքով: