image

Ինչո՞ւ Իսրայէլ «Երկաթեայ գմբեթ» համակարգը չի տրամադրեր Ուքրանիոյ

Ինչո՞ւ Իսրայէլ «Երկաթեայ գմբեթ» համակարգը չի տրամադրեր Ուքրանիոյ

Իսրայէլ չի ​​կրնար ԱՄՆ-ին թոյլ տալ փոխանցել «Երկաթէ գմբեթ» հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգը Քիեւին, քանի որ մտավախութիւն ունի, որ այն, ինչպէս եւ իսրայէլեան միւս զինատեսակները, կրնայ յայտնուիլ Իրանի ձեռքը, ըսած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն Wall Street Journal-ի հետ հարցազրոյցին։

«Եթէ այս համակարգը յայտնուի Իրանի ձեռքը, միլիոնաւոր իսրայէլցիներ կը մնան անպաշտպան եւ վտանգի տակ»,-ըսած է վարչապետը։

Ան յիշեցուցած է, որ «Երկաթէ գմբեթը» կը խոցէ հրթիռներու 95 տոկոսը, որոնք կրնան հարուածել Իսրայէլի բնակավայրերը, այդ ալ թոյլ կու տայ երկրին զգալիօրէն նուազեցնել զոհերու թիւը։

Պարբերականի համաձայն՝ Իսրայէլի մէջ Ուքրանիոյ դեսպանը մտավախութիւններն այն մասին, որ զէնքը կը յայտնուի Իրանի ձեռքը, անուանած է «միանգամայն յօրինուած ու մտահայեցողական ենթադրութիւններ»։

Աւելի վաղ Եոնի ռազմական վերլուծաբան Ճերըմի Պոպն անիմաստ համարած է իսրայէլեան «Երկաթէ գմբեթ»-ի տեղափոխումը Քիեւ՝ Ուքրանիոյ հսկայական տարածքի պատճառով։ Բացի այդ, ըստ վերլուծաբանի, ռուսական հրթիռներն աւելի կատարելագործուած են, քան ցած արհեստագիտական պաղեստինեան հրթիռները, որոնց կը խոցէ «Երկաթէ գմբեթ»-ը։ Այդ կը գիտակցին անգամ ուքրանացի պաշտօնեաները, նշած է փորձագէտը։