Լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժումը յայտարարած է, որ կապ չունի Իսրայէլի տարածքի վրայ հրթիռներու արձակման հետ:
Աւելի վաղ ՌԻԱ Նովոսթիի աղբիւրը յայտնած էր, որ իսրայէլեան բանակը զանգուածային հրետակոծութիւն իրականացուցած է Լիբանանի հարաւը գտնուող Նապաթիոյ շրջանի Եահմար Էշ Շաքիֆ բնակավայրի մերձակայքը՝ ի պատասխան Լիբանանի տարածքէն իսրայէլեան Միթուլա բնակավայրի ուղղութեամբ հրթիռներու արձակման: Անկէ յետոյ Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը Լիբանանի հարաւին մէջ զանգուածային ռմբակոծութիւններու ենթարկած է աւելի քան հինգ բնակավայր:
««Հըզպալլա» ոչ մէկ կապ ունի Հարաւային Լիբանանէն Պաղեստինի բռնագրաւուած տարածքի ուղղութեամբ հրթիռներու արձակման հետ»,- յայտարարած է շարժումը։
«Հըզպալլա» մեղադրած է Իսրայէլը Լիբանանի նկատմամբ սեփական թշնամական գործողութիւններն արդարացնելու փորձերուն մէջ:
«Հերթական անգամ կը յայտարարենք, որ մենք կը պահպանենք հրադադարի մասին համաձայնագիրը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Իսրայէլն ու Լիբանանը 11 մարտին բանակցութիւններ սկսան ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի միջնորդութեամբ՝ 2024 թուականի նոյեմբերին ստորագրուած զինադադարի համաձայնագիրի իրականացման ծիրէն ներս տարածքային վէճերու կարգաւորման շուրջ: Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունի աշխատակազմէն յայտնած են, որ կայացած բանակցութիւնները որեւէ կապ չունին յարաբերութիւններու կարգաւորման հետ, այլ ուղղուած են տարածքային հարցերու լուծման եւ Իսրայէլի բանտերէն Լիբանանի քաղաքացիներու ազատ արձակման:
Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը պէտք է Լիբանանի հարաւը գտնուող գրաւեալ շրջաններէն իր զօրքերու դուրս հանելը աւարտէր 26 յունուարի առաւօտեան՝ հրադադարի մասին համաձայնագիրի ուժի մէջ մտնելէն 60 օր անց: Սակայն Թել Աւիւը չկատարեց իր պարտաւորութիւնները։ Աւելի ուշ Ուաշինկթոն յայտարարեց իսրայէլեան-լիբանանեան համաձայնագիրի ժամկէտը մինչեւ 18 փետրուար երկարաձգելու մասին, սակայն Իսրայէլի բանակը կրկին խուսափեցաւ պայմանները կատարելէ եւ պահպանեց իր ներկայութիւնը Լիբանանի տարածքի հինգ դիրքերուն մէջ: