Լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժումն ուժերու ներածին չափով պիտի ըլլայ Սուրիոյ կողքին, որ խափանէ ահաբեկիչներու նպատակները. այս մասին, Al Jazeera-ի հաղորդմամբ, յայտնած է շարժման ընդհանուր քարտուղար Նայիմ Քասեմը:
«Անոնք (ահաբեկիչները-Խմբ.) չեն կրնար հասնիլ իրենց նպատակներուն, հակառակ այն ամէնուն, ինչ ըրած են անցեալ օրերուն, եւ մենք՝ որպէս «Հըզպալլա», ուժերու ներածին չափով պիտի ըլլանք Սուրիոյ կողքին այս յարձակման նպատակները խափանելու համար», - հինգշաբթի ըսած է Քասեմը՝ աւելցնելով, որ յարձակումը կը հովանաւորուի ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կողմէ։
«Այս յարձակման հովանաւորներն են ԱՄՆ-ն եւ Իսրայէլը: Իմացէք՝ Իսրայէլի համար որեւէ շահ ձեր կորուստն է, եւ այդ կորուստը պիտի ազդէ ոչ միայն Պաղեստինի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի, այլ նաեւ ձեր երկիրներու վրայ», - ըսած է ան:
Քասեմը մանրամասնութիւններ չէ յայտնած, թէ ինչպէս «Հըզպալլա»-ն պիտի աջակցի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին, սակայն ըսած է, որ պիտի ընէ այն, ինչ կրնայ: