image

«Հըզպալլա» երեք հրթիռ արձակած է Իսրայէլի հիւսիսը՝ Շլոմի քաղաքի ուղղութեամբ

«Հըզպալլա» երեք հրթիռ արձակած է Իսրայէլի հիւսիսը՝ Շլոմի քաղաքի ուղղութեամբ

«Հըզպալլա» շարժման զինուած թեւի մարտիկները հրթիռակոծած են իսրայէլեան Շլոմի քաղաքը, որ կը գտնուի Արեւմտեան Գալիլիա՝ Լիբանանի սահմանէն 1 քմ հեռաւորութեան վրայ։ 

ԹԱՍՍ-ի հաղորդմամբ, այս մասին յայտնած է կազմաւորման ռազմատեղեկատուական ծառայութիւնը եւ աւելցուցած, որ այդ ուղղութեամբ երեք հրթիռ արձակուած է ։

Ի պատասխան՝ Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը գրոհած են շիա ստորաբաժանումներու առաջապահ դիքերը Պլիտաի եւ Թէյր Հարֆի մէջ։

Հարաւային Լիբանանի արեւելեան հատուածին մէջ լարուածութիւն կը տիրէ սահմանի երկայնքով՝ Ռաշայա ալ Ֆուխար քաղաքի եւ հարեւան Քֆար Շուպա եւ ալ Ֆրեյտիս գիւղերու մօտ, ուր հրաձգութիւն կ'ընթանայ «Հըզպալլա»-ի զինեալներուն եւ իսրայէլացի զինուորներուն միջեւ:

Ականատեսներու վկայութեամբ՝ երկինքը կան իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք կը հարուածեն ցամաքային թիրախները: