ՀՅԴ գործիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեանի մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի վարակը: Այդ պատճառով յետաձգուած է անոր հանդիպումը ՌԴ դեսպանին հետ:
Ըստ տեղեկութիւններուն՝ ՀՀ-ի մօտ Ռուսաստանի Դաշնութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Սերկէյ Քոփիրքինը 1 Հոկտեմբերին պէտք է այցելեր Ազգային ժողով եւ հանդիպեր ԱԺ-ի փոխ նախագահ Իշխան Սաղաթէլեանի հետ։ Հանդիպումը, սակայն, յետաձգուած է, քանի որ Իշխան Սաղաթէլեան վարակուած է «Քորոնա»ով, եւ ան առաջիկայ օրերուն պիտի գտնուի ինքնամեկուսացման մէջ։
Այս տեղեկութիւնները, հաստատեցին ԱԺ-ի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանի աշխատակազմէն։
Առողջութիւն կը մաղթենք ՀՅԴ գործիչին։