image

Հռոմի մէջ պիտի տեղադրուի Մեծն Թումանեանի կիսանդրին

Հռոմի մէջ պիտի տեղադրուի Մեծն Թումանեանի կիսանդրին

Իտալիա պետական այցի ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան  հանդիպում ունեցած է Հռոմի քաղաքապետ Վիրճինիա Ռաճիի  հետ: 

Նախագահ Սարգսեան նշած է, որ  Իտալիա իր այցին նպատակը նաեւ Երեւանի եւ Հռոմի միջեւ յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան զարգացումն է: 

Քաղաքապետ Ռաճի նշած է, որ երկու ժողովուրդներուն հազարամեակներու պատմութիւնը լաւ հիմք է նաեւ ապագայի գործընկերութեան զարգացման համար, պատրաստակամութիւն յայտնելով բարեկամներու հետ կիսուելու փորձով ու պատմական ժառանգութեան պահպանման իրենց գիտելիքներով։

Հայաստանի նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է Իտալիոյ նախագահական պալատի հարեւանութեամբ գտնուող Սանթ Անտրէա այգին մէջ Յովհաննէս Թումանեանի կիսանդրին տեղադրելու՝ հայկական կողմի առաջարկին Հռոմի քաղաքապետարանին կողմէ համաձայնութիւն տալու համար, եւ յոյս յայտնած, որ հայ մեծանուն գրողի կիսանդրին կը դառնայ հայ-իտալական բարեկամութեան վկայութիւններէն մէկը: