image

Հրթիռ մը ինկած է Եգիպտոսի Թապա քաղաքին վրայ. Կան վիրաւորներ

Հրթիռ մը ինկած է Եգիպտոսի Թապա քաղաքին վրայ. Կան վիրաւորներ

Հինգշաբթի լոյս ուրբաթ գիշերը ուժեղ պայթում որոտացած է Եգիպտոսի Թապա քաղաքին մէջ, որ կը գտնուի Կարմիր ծովու ափին։ Reuters-ի հաղորդմամբ՝ այս պահուն յայտնի է վեց վիրաւորի մասին։

Թապա առողջարանային քաղաքը կը գտնուի իսրայէլեան Էյլաթի հետ սահմանի մօտ: Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտնած է, որ տեղեակ է «անվտանգութեան միջադէպի» մասին։

Եգիպտական Al Qahera News հեռուստաալիքի հաղորդմամբ՝ պայթումը որոտացած է բժշկական հաստատութեան մօտ։ Վնասուած է նաեւ յարակից բնակելի շէնքը, հաղորդած է հեռուստաալիքը՝ ուղիղ եթերով ցուցադրելով պայթումի նկարները։

Աղբիւրի տուեալներով՝ պայթումը տեղի ունեցած է հրթիռը իյնալու հետեւանքով եւ կապուած է Իսրայէլի ու Կազայի միջեւ պատերազմի հետ։ Սակայն պարզ չէ՝ հարուածը պատահակա՞ն, թէ՞ նպատակային եղած է։