Կոտայքի մարզին մէջ, 7 Հոկտեմբերին, կրակոցներ հնչած են. ժամը 12։25-ի սահմաններուն «Հրազդան» բժշկական կեդրոնէն ոստիկանութեան Հրազդանի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ հրազէնային վնասուածքով իրենց մօտ տեղափոխուած է քաղաքային մը։
Ոստիկանները պարզած են, որ վիրաւորը Հրազդան քաղաքի բնակիչ՝ 30-ամեայ Մորիս Ս-ն է։
Մինչ ոստիկանները կը պարզէին դէպքին հանգամանքները, «Սեւան» բժշկական կեդրոնէն ոստիկանութեան Սեւանի բաժին ահազանգ կը ստացուի, որ հրազէնային վնասուածքներով իրենց մօտ տեղափոխուած են 2 քաղաքային։
Սեւանի ոստիկանները պարզած են, որ նշուած անձերն են Ծաղկաձոր քաղաքի բնակիչ՝ 22-ամեայ Աշոտ Կ-ն եւ Վանաձոր քաղաքի բնակիչ՝ 21-ամեայ Սամուէլ Ա-ն։ Նշուած անձերը հրազէնային վնասուածքներ ստացած են Հրազդան քաղաքի Կեդրոն թաղամասի 23 Օգոստոսի փողոցին մէջ գտնուող վարսավիրանոցներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած փոխհրաձգութեան հետեւանքով։
Մինչ բժիշկները կը պայքարէին անոնց կեանքին համար, ոստիկանները կը պարզեն, որ նոյն օրը, ժամը 11:50-ի սահմաններուն, նշուած վարսավիրանոցին մէջ Աշոտ Կ-ի, Սամուէլ Ա-ի եւ Մորիս Ս-ի միջեւ տեղի ունեցած է վիճաբանութիւն, որու ընթացքին Աշոտ Կ-ն իր մօտ եղած «Մաքարով» տիպի ատրճանակով կրակոց արձակած է Մորիս Ս-ի ուղղութեամբ, ու ոտքէն հրազէնային վնասուածք ստացած է։ Իսկ Մորիս Ս-ի եղբայրը՝ Հրազդան քաղաքի բնակիչ, 32-ամեայ Ավիս Ս-ն, տակաւին անյայտ տեսակի ատրճանակէ կրակոց արձակած է Աշոտ Կ-ի եւ Սամուէլ Ա-ի ուղղութեամբ, որոնք նոյնպես ոտքերէն ստացած են հրազէնային վնասուածքներ։
Դէպքի վայրը յայտնաբերուած են տարբեր տրամաչափի կրակուած պարկուճներ, արնանման հետքեր, ինչպէս նաեւ պատուհանի վնասուած ապակի։ Ոստիկանութիւնն ու քննչական բաժինը կը ձեռնարկեն անհրաժեշտ հետախուզական եւ քննչական համատեղ գործողութիւններ՝ դէպքին հանգամանքները պարզելու, Ավիս Ս-ն եւ յանցագործութեան գործիք հրազէնները յայտնաբերելու ուղղութեամբ։