Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանէն վերահասու կը դառնանք, որ հրապարակուած է «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»ը՝ Կեանքի մեծ հարցումները փոքրիկ ընթերցողներու համար:
«Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէսզի երբ մեծնայ՝ անկէ չշեղի» Առակած 22:6
«Յաճախ մանուկներ հարցումներ կը հարցնեն եւ ծնողք կամ ուսուցիչ կը շուարին, թէ ինչպէ՞ս պատասխանեն, ի՞նչ ըսեն, ի՞նչ չըսեն, եւ կամ ինչպէ՞ս պարզ բայց ճշմարիտ եւ ճշգրիտ պատասխան տան։ Ըստ մանկավարժներու եւ հոգեբաններու, անոնց փնտռածը բացատրութիւններ են, որպէսզի ապահով զգան եւ հասկնան, թէ ի՞նչ կը պատահի իրենց շուրջը։
«Այս յատուկ Աստուածաշունչը՝ 6-12 տաերկան մանուկներու համար լուրջի կ՚առնէ փոքրերու հարցումները՝ իրենց մասին, շուրջի մարդոց մասին, եւ աշխարհին մասին, եւ պատասխաններ կուտայ հիմնուած Աստուածաշունչի պատութիւններուն վրայ։ Այս իմաստով, գիրքը խիստ օգտակար է ոչ միայն ծնողներու այլ նաեւ Կիրակնօրեայ Դպրոցի եւ առօրեայ դպրոցի ուսուցիչներու համար,» կը բացատրէ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, Ընդհանուր Քարտողար՝ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան։
Գիրքին Մասին
Գիրքին հեղինակները՝ Սուզըն Ճաշ եւ Քրիսթինա Շնըրլ, հոգեւոր հովիւներ են Շթութկարթի մանուկներու Օլկա հիւանդանոցին մէջ, ուր տարիներու ընթացքին եւ իրենց փորձարութիւններէն մեկնած, մօտէն ծանօթացած են փոքրիկներու փնտռտուքներուն։ Անոնք հաւաքած են այդ հարցումներէն ոմանք եւ ներկայացուցած են զանոնք աստուածաշնչական պատմութիւններու միջոցով։ Իսկ Մաթիաս Ուէպըր ներկայացուցած է պատմութիւնները պարզ եւ գեղեցիկ գծագրութիւններու միջոցով։
120-էջ, պատկերազարդ գիրքը կը բաղկանայ երեք մասերէ՝ «Դուն», «Դուն եւ Ուրիշները», եւ «Դուն եւ Աշխարհը»։ Իւրաքանչիւր բաժին ունի իր ենթաբաժիները։ Օգտագործուած բոլոր աստուածաշնչային հատուածները զետեղուած են գիրքին վերջաւորութեան։
Այս գիրքին մէջի պատմութիւններու շարքը չի հետեւիր Աստուածաշունչին պատմութիւններու շարքին։ Հեղինակներուն նպատակը աստուածաշնչային լոյս սփռել է փոքրիկներու եւ պատանիներու կեանքերուն եւ կարիքներուն վրայ, նաեւ կապ մը ստեղծել անոնց եւ Աստուածաշունչի մէջ գտնուող անձնաւորութիւններուն միջեւ։ Այսպիսով անոնք իրենց կեանքերը հաստատուն հիմերու վրայ դնելով պիտի գիտնան, թէ Աստուած գիտէ, կը սիրէ, եւ կը պահպանէ զիրենք։