Օրերս ցաւալի դէպք մը ցնցած է Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսը: Հայր մը տարիներ շարունակ փակ սենեակի մը մէջ բանտարկած է իր դուստրը:
Դէպքին մարնամասնութիւնները «Արեւելք» կը կարդայ Sky News կայքէն:
Աղբիւրը վկայակոչելով Սուրիոյ Ներքին գործոց նախարարութեան տուեալները, կը հաղորդէ, թէ Դամասկոսի արուարձաններէն Ժտէյտէ Արթուզի մէջ, ոստիկանութիւնը, տեղեկութիւն մը կը ստանայ, որ Ատնան անունով քաղաքացի մը, իր դուստրը՝ Նուրը փակած է առանձին սենեակի մը մէջ, որ կը գտնուի իր տան մօտակայքը, եւ այդ սենեակը մասամբ մը գետնափոր է: Ըստ նախարարութեան, ոստիկանութիւնը կ'ուղղուի նշուած վայրը, ստուգելու եւ հետազօտելու: Եւ իսկապէս կը գտնեն 30-ամեայ աղջիկ մը, յոգնած, դալկահար ու հոգեպէս ընկճուած վիճակի մէջ:
Աղբիւրը կը նշէ, թէ ոստիկանները փրկելով աղջկան, անմիջապէս կը փոխադրեն զինք բժշկական կեդրոն: Իսկ հայրը կը ձերբակալուի: Վերջինս կը խոստովանի, թէ տարիներէ ի վեր փակած է իր աղջկան, որովհետեւ ան հոգեկան հիւանդ է:
Այս հարցի վերաբերեալ քրէական գործ կը յարուցուի հօր նկատմամբ: Իսկ աղջիկը Քաթանա Ազգային հիւանդանոցին մէջ կը շարունակէ հարկ եղած բուժումը: