image

Հնդկաստան-Փաքիստան հակամարտութիւն. ԱՄՆ Պատրաստ է միջնորդելու 

Հնդկաստան-Փաքիստան հակամարտութիւն. ԱՄՆ Պատրաստ է միջնորդելու 

ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն հեռախօսազրոյց ունեցած է փաքիստանեան բանակի գլխաւոր հրամանատար Մունիրոմի հետ՝  առաջարկելով Ուաշինկթընի օգնութիւնը Հնդկաստանի հետ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով։ Այս մասին հաղորդած է արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

«Ան շարունակած է կողմերուն կոչ ընել լարուածութեան նուազեցման ուղիներ փնտռելու եւ առաջարկած է ԱՄՆ օգնութիւնը՝ կառուցողական բանակցութիւններու մեկնարկի համար՝ հետագայ հակամարտութիւններէն խուսափելու նպատակով»,- հաղորդած են արտաքին գործոց նախարարութենէն։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Փաքիստանը լայնածաւալ ռազմական գործողութիւն սկսած է Հնդկաստանի դէմ։