image

Հիթլէրի եւ Շուշիի մասին

 Հիթլէրի եւ  Շուշիի մասին

Փութինը կը բաղդատեն Հիթլէրի հետ:

 

Հետաքրքրական է: Նկատի ունենալով որ եթէ, Ռուսաստանի գլխաւորութեամբ, չլինէր Խորհրդային Միութիւնը, Հիթլերը Եւրոպան լման - եւ հեշտօրէն - գրաւած կ'ըլլար, եւ Ամերիկացիները իսկ չէին կարողանար զայն ազատագրել:

* * *

Սակայն այժմու, անմիջական պահին, Հիթլէրի հետ բաղդատականը շեշտակի կերպով ի զօրու է՝ Ուքրանիոյ իշխանութեան պարագային:

 

Արդարեւ, Պերլինի անհեթեթ «դիմադրութեան» վերջին օրերուն, Նացիները զէնքեր բաժնեցին սովորական քաղաքացիներուն, որպէսզի անոնք կռուին Կարմիր Բանակին դէմ: Այսինքն, ջարդուին: Որպէս «կենդանի վահան» գործածուեցան այդ խեղճ քաղաքացիները՝ Պոնքերին մէջ պահուըտած իշխանաւորներուն:

 

Ճի՛շդ ինչ որ կ՚ընեն, Ուքրանիոյ իշխանաւորները, Քիէւի մէջ: Չի բաւեր որ իրենց էշութեան պատճառով երկիրը կործանեցաւ, վրան ալ, քաղաքացիական բնակչութիւնը կը մղեն կրակներուն մէջ:

 

Ի դէպ, նոյն Հիթլերի պատերազմի աւարտին, երբ որ Ճափոնը նոյնպէս, իր բնակչութիւնը կը զինէր որպէսզի դիմադրէ ամերիկացի զինուորներուն, ԱՄՆ-ն՝ հիւլէական ռումբ նետեց  բնակչութեան վրայ: Երկու անգամ:

* * *

Բազմաթիւ ամիսներէ ի վեր, Փութին անդադար կը յայտնէր, որ    ռազմական գործողութեան մը մասին, որն արդէն այսօր իրականութիւն է։Որու տարողութիւնն ալ բացայայտ էր, յայտնուած ներխուժման պատրաստուող՝ ռազմական ուժերու հսկայական կուտակումով, բացէ ի բաց:

Փոխանակ այդ երկար ժամանակը օգտագործէին՝ սովորական քաղաքացիներուն ապահովութեան միջոցները ծրագրելու եւ գործադրելու համար,  ներխուժումէն դեռ մինչեւ մի քանի օրեր առաջ,  Ուքրանիոյ ղեկավարները՝ «չէ՜, չէ... մի մտահոգուիք... բան չկայ»ի կեցուածք կը յայտնէին:

Այս մէկն ալ կը յիշեցնէ Շուշիի յանձնումը...

 

Ուրկէ  հազիւ, մազապուրծ դուրս եկան բնակիչները: Առանց իսկ որ մի քանի կտոր ապրանքներ իրենց հետ առնեն: Քանի որ դուրս հանուեցան այն պատրանքով, թէ շուտով ետ կը վերադառնան իրենց տուները...

 

Արեւմտեան մթին ուժերու խամաճիկները, որքան նման են իրարու: Նոյն դպրոցէն ելած են:

 

Հայդուկ Շամլեան

 

Հայդուկ Շամլեան

Հայդուկ Շամլեան

Հայդուկ Շամլեան ծնած է Լիբանան: Անունը իրեն շ...