image

Աւելի քան 40 երկրի կրօնական առաջնորդներ եւ հասարակական գործիչներ պիտի հանդիպին բռնագրաւուած Շուշիի մէջ

Աւելի քան 40 երկրի կրօնական առաջնորդներ եւ հասարակական գործիչներ պիտի հանդիպին բռնագրաւուած Շուշիի մէջ

Միջմշակութային երկխօսութեան 6-րդ համաշխարհային ֆորումի շրջածիրէն ներս Պաքուի եւ բռնագրաւուած Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենան աւելի քան 40 երկրի կրօնական առաջնորդներու եւ հասարակական գործիչներու հանդիպումներ:

Այս մասին յայտարարած է Կովկասի իսլամներու գրասենեակի նախագահ շէյխ ուլ-իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէն Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ արտաքին եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի ղեկավար, պատրիարք Քիրիլի փոխանորդ, միթրոփոլիթ Անատոլիի հետ հանդիպման։ 

Փաշազատէն ընդգծած է, որ Կովկասի իսլամներու գրասենեակի եւ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ վստահութեան եւ համագործակցութեան վրայ։ Ան բարձր գնահատած է պատրիարք Քիրիլի ջանքերը՝ թոյլ չտալու հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան՝ կրօնականի վերածուիլը։