image

«Հիմք ենք դնում համազգային դիմադրութեանը».Իշխան Սաղաթէլեան

«Հիմք ենք դնում համազգային դիմադրութեանը».Իշխան Սաղաթէլեան

8 Նոյեմբերին մեկնարկեց Ազատութեան հրապարակին վրայ «Հայաստան» դաշինքի կազմակերպած հանրահաւաքը, ուր ընդդիմութիւնը սկիզբ կը դնէ համազգային դիմադրութեան:

Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս ըսաւ թէ «Ուղիղ մէկ տարի առաջ սեպտեմբերի 27-ին սկսուեց պատերազմը. հայ ազգն ամէն ինչ արեց պատերազմում յաղթանակ ունենալու համար»:

«Ցաւօք իշխանութեան ղեկին կանգնած խմբակը իր դաւաճանութեամբ, անկարողութեամբ եւ անգործունէութեամբ երկիրը տարաւ անձնատուութեան: Նոյեմբերի 9-ից յետոյ նոյեմբերի 11-ին մենք հաւաքուեցինք հրապարակում եւ սկսեցինք պայքար մէկ օրակարգով հեռացնել երկրին աղէտ բերած իշխանութեանը, վերականգնենք մեր արժանապատուութիւնը: Մենք միասին 8 ամիս փողոցում պայքարել ենք, բայց դեռ մեր նպատակին չենք հասել: Մեր քայլերի արդիւնքում երկրում տեղի ունեցաւ ընտրութիւն: Մենք այդ ընտրութիւնը դիտարկեցինք միջոց իշխանութիւններին հեռացնելու: Ցաւօք, այս այդ ընտրութիւններում յաղթեց սուտն ու կեղծիքը, ժողովրդականութիւնն ու ամբոխավարութիւնը, վարչական լծակներն ու բռնաճնշումները»,- ըսաւ Սաղաթէլեան աւելցնելով,  որ ընտրութիւններէն յետոյ մեր կորուստները կը շարունակուին եւ թշնամին կը շարունակէ մեր ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ իր ոտնձգութիւնները: 

«Այս իշխանութիւնների կողմից չկայ դիմադրութիւն, չկայ պայքար, կեղծ ցնորամիտ խաղաղասիրական գաղափարներով երկիրը փորձում են տանել նոր անձնատուութեան:

Սաղաթէլեան նշեց, թէ պատերազմը աւարտած չէ. ժամեր առաջ Շուշիի մօտակայքը զոհ ունեցած  ենք ու թշնամին կը շարունակէ յաւակնութիւն ունենալ Սիւնիքի նկատմամբ եւ կը փորձէ հայաթափել Արցախը ու թրքացնել Հայաստանը:

 

«Ի՞նչ պէտք է անենք մենք, ի՞նչ պէտք է անի հայ ժողովուրդը, պէտք է ձեւաւորել համազգային դիմադրութիւն, եկէք պայմանաւորուենք՝ այսօր, այստեղից՝ Ազատութեան հրապարակից, հիմք ենք դնում համազգային դիմադրութեան. դիմադրութիւն, որ կը կանխի Արցախի հայաթափումը, Հայաստանի թրքացումն ու կը կանխի նոր անձնատուութիւնը», - յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեանը:

Ան ըսաւ, թէ համազգային դիմադրութիւնը պէտք է ունենայ երկու ճակատ՝ արտաքին ու ներքին: Արտաքին ճակատին վրայ ողջ աշխարհին, եւ մասնաւորապէս թշնամիներուն, պէտք է ցոյց տալ ու ապացուցել, որ Նիկոլ Փաշինեանը հայ ժողովուրդի հաւաքական կերպարը չէ:

«Նիկոլը չունի մանտաթ երկիրը տանելու նոր զիջումների. մենք այսօր այս հրապարակից պէտք է արձանագրենք ու ձեւակերպենք այդ դիմադրութիւնը, որ այս իշխանութեան կողմից ստորագրուած ցանկացած հակահայ փաստաթուղթ մեր կողմից լինելու է անընդունելի:

Երկրորդ ճակատում մենք պէտք է դիմադրութիւն ցոյց տանք ներքին կեանքում: Ցոյց տանք դիմադրութիւն մեր երկիրը քայքայող բոլոր երեւոյթներին՝ լինի բռնութիւնների, դատական համակարգի, պետական պիւտճէն թալանելու, կրթութեան, առողջապահութեան, բանակի, ուժային կառոյցների: Բոլոր ոլորտներում պէտք է ձեւաւորենք մեծ ու փոքր դիմադրութիւն մեր պետութեան անկումը կանխելու համար»,-յայտարարեց ՀՅԴ-ական գործիչը:

Ան տեղեկացուց, որ այս պահուն Ազատութեան հրապարակը երկու տեղեկատուական կէտեր կան, ուր մարդիկ կրնան ցուցակագրուիլ եւ մասնակից դառնալ դիմադրութեան շարժման. «Մենք օրեր յետոյ կը հրապարակենք նաեւ մարզերում մեր հասցէները, որտեղ մեր քաղաքացիները կարող են կամաւորագրուել հայրենիքի փրկութեան համար այս դիմադրութեան շարժմանը»: