image

«Հիմա ստացայ հարցերուս պատասխանները». հոլիուտեան դերասան Ճօ Մանկանիէլօն այցելած է Հայաստան

«Հիմա ստացայ հարցերուս պատասխանները». հոլիուտեան դերասան Ճօ Մանկանիէլօն այցելած է Հայաստան

Հոլիուտեան դերասան Ճօ Մանկանիէլօն, որ բազմիցս պատմած է հայկական արմատներ ունենալու եւ Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած նախնիներու մասին, այցելած է Հայաստան: Այս մասին կը տեղեկանանք ՔՈԱՖ-ի («Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամ) ինսթակրամեան էջէն:

«Ուրախ ենք կիսուել ձեզ հետ դերասան Ճո Մանկանիէլոյի՝ վերջերս Հայաստան կատարած անհաւանական ճամբորդութեան ոգեշնչող դրուագներով: ՔՈԱՖ-ի խորհրդի անդամ եւ ՔՈԱՖ 20-րդ ամենամեայ Կալայի հեղինակաւոր մարդասիրական մրցանակի արժանացած դերասանը ծանօթացաւ իր մայրական տատի հայրենիքի հարուստ պատմութեանը, բացառիկ մշակոյթին եւ ջերմ հիւրընկալութեանը: Շնորհակալ ենք, Ճօ՛, անմոռանալի յիշողութիւնների եւ այն սիրոյ համար, որը տուեցիք Հայաստանի մանուկներին», - գրուած է էջին վրայ հրապարակուած տեսանիւթին կից:

Հայաստան կատարած այցի շրջածիրէն ներս աստղն այցելած էր Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ թանգարան՝ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի ուղեկցութեամբ: Բացի այդ, ան շրջած է երկրով  մէկ, այցելած է հին վանքերն ու եկեղեցիները, այդ շարքին՝ Խոր Վիրապ, Սանահին:

Մանկանիէլոյի խօսքով՝ Հայաստանի մէջ ինքը ստացած է տարիներ շարունակ իրեն հետաքրքրող հարցերու պատասխանները՝ կապուած հայկական ժառանգութեան եւ ինքնութեան հետ:

«Հիմա ստացայ հարցերուս պատասխանները», - տեսանիւթին մէջ նշած է դերասանը:

Նշենք, որ աւելի վաղ Մանկանիէլօն ամերիկեան KTLA 5 հեռուստաալիքի եթերին «Հայկական պատմութեան ամիս» նախագիծի շրջածիրէն ներս պատմած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած նախնիներու եւ իր արմատներու մասին՝ ընդգծելով, որ մայրական կողմէն հայ է:

«Մայրս հայ է եւ միշտ հայկական ուտելիքներ կը պատրաստէր, որոնք մանկուց կերած եմ ու մինչեւ հիմա շատ կը սիրեմ», -ըսած էր դերասանը:

Ըստ Մանկանիէլոյի՝ մեծնալուն զուգահեռ ինք կը ծանօթանար իր արմատներուն եւ շատ տպաւորուած էր այդ ժառանգութեամբ:

Դերասանի մեծ տատը՝ խարբերդցի Թերվիզը, մազապուրծ եղած է Հայող ցեղասպանութենէն:

«Ես կ՚ուզէի այդ պատմութեան ծանօթանալ, քանի դեռ ատոր մասին իմացողները ողջ էին, եւ այդ ետ կրցած եմ ընել», - պատմած էր Մանկանիէլոն:

Ան բացայայտած էր, որ 1915-ին թուրքերը սպանած են մեծ մօր ամուսինը եւ եօթ երեխան: Ի վերջոյ կինը յայտնուած է ճամբարի մէջ, ուր յղիացած է թուրքերու հետ համագործակցող գերմանացի սպայէ: Թերվիզը լոյս աշխարհ բերած է խարտեաշ աղջիկ, որուն անուանած է Սիրարփի: Վերջինս Մանկանիէլոյի մեծ մայրն է:

Ի վերջոյ Թերվիզն ու Սիրարփին յայտնուած են ԱՄՆ Մասաչուսեթս նահանգ: