image

Հիմա եղածը պարզ «տաքնալու» փուլ մըն է. Ամերիկացի զինուորական

Հիմա եղածը պարզ «տաքնալու» փուլ մըն է. Ամերիկացի զինուորական

Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական հրամանատարութեան (Stratcom) հրամանատար,  Ռազմածովային ուժերու ծովակալ Չարլզ Ռիչարտ, նախազգուշացուցած է, որ ուքրանական ճգնաժամը նախնական «տաքնալու» փուլ մըն է, եւ որ Միացեալ Նահանգները, ըստ բարձրաստիճան զինուորականի, պէտք է պատրաստ ըլլայ Չինաստանի մասնակցութեամբ համաշխարհային հակամարտութեան, գրած է  newsweek.com-ը: 

«Ուքրինական ճգնաժամը, որուն մէջ մենք կը գտնուինք հիմա, պարզապէս նախնական տաքացում է (warmup)», -ըսած է Ռիչարտը 2022 թուականի ռազմածովային սուզանաւերու լիկայի ամենամեայ սիմփոզիումի ընթացքին ելոյթի ժամանակ:

«Մեծը (հակամարտութիւնը) կու գայ: Եւ ոչ շատ ուշ ժամանակներս, մենք պիտի անցնինք այնպիսի փորձութենէ, որով երկար ժամանակ չէինք անցած: Մենք պէտք է արագ, հիմնարար փոփոխութիւն կատարենք ազգի պաշտպանութեան մեր մօտեցումներուն մէջ...գնահատելով Չինաստանի դէմ մեր զսպման մակարդակը, կրնամ ըսել, որ այդ նաւը կամաց-կամաց կը խորտակուի: Այն դանդաղ... բայց կը խորտակուի, քանի որ սկզբունքօրէն անոնք (չինացիներ) աւելի արագ կը տեղակայեն իրենց ուժերը, քան մենք: Եւ ինչքան այս տարբերութիւնը մեծնայ, այլեւս նշանակութիւն չունենար, թէ մենք որքան լաւ հրամանատարներ ունինք: Մենք գիտէինք արագ շարժիլ, բայց կարծես կորսնցուցած ենք արագ շարժելու արուեստը», -ըսած է Ռիչարտ: 

Ծովակալի խօսքով՝ ԱՄՆ-ն մոռացած է, թէ ինչպէս պէտք է «արագ գործել»։

Փենթակոնը հոկտեմբերի վերջը հրապարակած է ԱՄՆ պաշտպանութեան նոր ռազմավարութիւնը։ Այն երկու շաբաթ առաջ Սպիտակ տան կողմէ հրապարակուած Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան շարունակութիւնն էր։ Պաշտպանութեան գերատեսչութեան փաստաթուղթին մէջ որպէս հիմնական սպառնալիք նշուած են զօրացող Չինաստանը եւ «դեռ» վտանգաւոր Ռուսիան։